ԿԱԼԱՆՔԸ ԵՐԿԱՐԱՁԳՈՒԵՑԱՒ
Հայաստանի դատական իշխանութիւնները որոշեցին երկարաձգել Շիրակի թեմի առաջնրդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանի բանտարկութեան ժամկէտը։ Նորին սրբազնութիւնը կալանաւորուած է՝ երկրէն ներս յառաաջացած իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան մթնոլորտին մէջ։ Երեւանի Աւան եւ Նոր Նորք վարչական շրջաններու ընդհանուր իրաւասութեան ատեանը երէկ մերժեց սրբազանը ազատ արձակելու ուղղեալ միջնորդութիւնը։ Ըստ դատարանի վճռին՝ ան եւս տասն օր բանտարկուած պիտի մնայ։
Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեան յունիսի 28-էն ի վեր բանտի մէջ է։ Ան կը մեղադրուի՝ իշխանութիւնը զաւթելու եւ սահմանադրական կարգը բռնի տապալելու ուղղեալ հրապարակային կոչերու համար։ Սոյն ամբաստանութիւնները միանշանակ չեն ընկալուիր հանրային կարծիքին կողմէ։
Երէկուան դատավարութեան հետեւեցան հոծ թիւով հոգեւոր հայրեր։ Նկատի ունենալով, որ նախօրէին ալ՝ նոյն պայմաններու բերումով բանտարկուած ազգային բարերար Սամուէլ Կարապետեանի կալանքի ժամկէտն ալ երկարաձգուած էր, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգի հրապարակած յայտարարութեան մէջ շեշտուած է, որ երկրէն ներս կրկին պարզորոշ կը դառնայ դատարաններու լիակատար կախուածութիւնը՝ իշխող քաղաքական ուժէն։ «Նման անհիմն որոշումներով արդարադատութիւնը պատժիչ նշանակութիւն կը ստանայ, իսկ դատարանները կը վերածուին ազատ խօսքի եւ կրօնի ազատութեան բռնաճնշման միջոցի։ Այսպիսի գործելաոճը բնորոշ է ամբողջատիրական համակարգերու եւ աղերս չունի՝ իշխանութիւններու իսկ կողմէ տարփողուող ժողովրդավարական արժէքներու հետ։ Եկեղեցւոյ, եկեղեցականներու եւ եկեղեցւոյ աջակիցներու դէմ բռնաճնշումներն ու տեղեկատուուական ահաբեկչական միջոցները չեն կրնար լռեցնել խղճի եւ արդարութեան ձայնը», նշուած է յայտարարութեան մէջ, որով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կոչ ուղղած է՝ որպէսզի սրբազանն ու բարերարը անյապաղ ազատ արձակուին։