ՍՈՒՐԲ ՍԱՐԳԻՍԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ս. Սարգիսի տօնին առթիւ, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցան աւանդական արարողութիւններ, որոնք առիթ դարձան հոգեւոր հրճուանքի։ Ս. Պատարագը մատոյց եւ քարոզեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յակոբ Մամիկոնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Հրանդ Չիզմէճեանի։

Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որով յիշատակուեցան անդարձ բաժնուած ազգային գործիչներ, որոնք Սարգիս կամ Մարտիրոս անունը կը կրէին։ Կրօնական արարողութիւններու աւարտին յարակից «Նարեկեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։

Երկուշաբթի, Փետրուար 17, 2025