ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ՈՒՐԱՐԻ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատիրարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն նախագահեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Պատարագիչն էր Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սեւան Ակօշեանի։
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը քարոզին մեկնակէտ ընտրած էր Սողոմոն Իմաստունի՝ «Արեւին տակ նոր բան չկայ» խօսքը։ Նորին Ամենապատուութիւնը բացատրեց, որ մարդ արարածը նորութիւն կը փնտռէ իր ներքին կեանքին համար, սակայն, ըստ Աստուծոյ խօսքին՝ նորութիւնը, փոփոխութիւնը արեւէն աւելի վեր են։ «Մարդու կեանքը կ՚անապատանայ, սակայն, եթէ այդ կեանքին մէջ Աստուած տեղ գրաւէ, ապա այդ անապատին մէջ կենդանի ջուրի աղբիւրներ կը բխին, ինչպէս ըսաւ Տէր Յիսուս։ Եւ այդ կենդանի ջուրը Աստուծոյ Սուրբ Հոգին է, որ մարդը կը նորոգէ, նոր մարդ կը դարձնէ», ըսաւ ան։
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը քարոզի աւարտին ուրար կրելու արտօնութիւն շնորհեց եկեղեցւոյ սպասաւորներէն Քամի Դպիր Չեւիքին։