ԱՀԱԳՆԱՑՈՂ ՀԱԼԱԾԱՆՔ
Երէկ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը իրավիճակի հերթական գնահատականը կատարեց՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ դէմ ահագնացող հալածանքներուն կապակցութեամբ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կառոյցներէն ներս պաշտօնավարող սրբազաններն ու Հայաստանի ներքին թեմերու առաջնորդները գումարեցին ժողով մը, որու աւարտին հրապարակուեցաւ յայտարարութիւն մը։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ այս խորհրդակցութիւնը, որու ընթացքին մասնաւոր անդրադարձ կատարուեցաւ նախօրէին Արագածոտնի թեմէն ներս Հայաստանի իրաւապահ մարմիններուն կողմէ ձեռնարկուած դատապարտելի գործողութիւններուն։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգը երէկ հրապարակեց սրբազաններուն յայտարարութիւնը։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ահազանգային բնոյթով այս յայտարարութիւններուն առընթեր, առցանց հարթակներու վրայ եւ տպագիր մամուլի մէջ կ՚արծարծուին նաեւ մօտաւոր ապագայի վերաբերեալ խորապէս մտահոգիչ հաւանականութիւններ։ Այսպէս, Հայոց Եկեղեցւոյ պահպանութեան համահայկական խորհուրդը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ, ուր ընդգծուած է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները այս շրջանին իրենց գործողութիւնները կը ներկայացնեն՝ իբր թէ եկեղեցւոյ վերափոխման անհրաժեշտութեան կամ բարեփոխման պատրուակով, սակայն, ակնյայտ է, որ այդ հռետորաբանութիւնը կը ծառայէ միայն մէկ նպատակի. քօղարկել պետութեան բացայայտ միջամտութիւնը Հայց. Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ ներքին կեանքին եւ վարչական կարգին։ «Հայաստանի իշխանութիւնները կը կրկնեն 1937 թուականի անբարունակ ազգային ահաբեկչութիւնը մեր Սրբութիւն Սրբոցին դէմ», նշուած է յայտարարութեան մէջ, ուր կը յիշեցուին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ դէմ պատմութեան ընթացքին կատարուած հիմնական ոտնձգութիւնները, պատմութեան ամենամռայլ դրուագները, երբ արտաքին ուժեր կամ բռնապետական վարչակարգեր փորձած են վերացնել Հայոց Եկեղեցւոյ նուիրապետութիւնը։
Յայտարարութեան մէջ շեշտուած է, որ իշխանական ներկայացուցիչները արդէն իսկ կը յայտարարեն, թէ հոգեւորականներն ալ քաղաքացիներ են եւ եթէ ոեւէ մէկը օրէնք կը խախտէ, ապա պէտք է պատասխան տայ։ Սա կ՚օգտագործուի որպէս պատրուակ՝ եկեղեցւոյ տարածք ներխուժելու եւ հոգեւոր անձերու դէմ անհամաչափ ուժի կիրառումը արդարացնելու համար։
Ի լրումն այս բոլորին, յայտարարութեան մէջ այլ մտահոգիչ խնդիր մըն ալ արծարծուած է՝ մամլոյ կարգ մը հրապարակումներուն յղումով։ Այսպէս, Հայաստանի իշխանական վերնախաւը գաղտնի ծրագիր մըն ալ մշակած է Վեհափառ Հայրապետը յառաջիկայ օրերուն գահընկէց ընելու համար։ Այսպէս, կը ծրագրուի այդ փորձը կատարել յառաջիկայ հոկտեմբերի 27-ին. այդ թուականը կը համընկնի Նորին Սրբութեան ընտրութեան 26-րդ տարեդարձին։
Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՓԱՇԻՆԵԱՆ
Միւս կողմէ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան բացառուած կը համարէ եկեղեցականներու դէմ իրաւապահներու գործողութիւններու ապօրինի ըլլալը։ Երէկ, կառավարութեան նիստէն վերջ, ան յայտարարութիւններ ըրաւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն համար։ «Ես ո՛չ բոլորին հրահանգ տալու լիազօրութիւն ունիմ ու չեմ կարծեր, թէ Հայաստանի մէջ կան պաշտօնեաներ, որոնք պատրաստ են ապօրինի հրահանգ իրականացնել։ Հայաստանի մէջ պետական կառոյցները կը գործեն իրենց վերապահուած լիազօրութիւններու եւ իրաւունքներու շրջանակին մէջ», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ այժմ քրէական պատասխանատուութենէ խուսափելու լաւագոյն ձեւն է ընդդիմադիր քաղաքական գործունէութիւն ծաւալելը։