ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Վրդովմունքով տեղեկացանք, որ հոկտեմբերի 15-ին, Արագածոտնի թեմէն ներս իրաւապահ համակարգի ներկայացուցիչները թեմակալ առաջնորդի, հոգեւոր սպասաւորներու եւ աշխարհական աշխատակիցներու դէմ իրականացուցած են ապօրինի գործողութիւններ, որոնք ուղեկցուած են բացարձակապէս չպատճառաբանուած ու անհիմն խուզարկութիւններով, խաբէութեամբ բերման ենթարկելու, բերման ենթարկուած անձերու գտնուած վայրերը ծածուկ պահելու, փաստաբանական աջակցութիւն ստանալու հնարաւորութենէն զրկելու հակաօրինական դէպքերով։
Այսօր արդէն յայտնի դարձաւ, որ նոյն ամօթալի ոճով կալանք կիրառուած է Արագածոտնի թեմի առաջնորդ Տ. Մկրտիչ Եպիսկոպոս Պռոշեանի եւ Տ. Գարեգին Քահանայ Արսէնեանի դէմ, կալանքի միջնորդութիւն ներկայացուած է թեմի գլխաւոր հաշուապահի համար։ Ակնյայտ է, որ իշխող քաղաքական ուժը կը շարունակէ լծուած մնալ Հայոց Եկեղեցին կազմաքանդելու չարամիտ ծրագրի իրագործման՝ թիրախաւորելով եկեղեցականները եւ իշխանական լծակներու չարաշահմամբ՝ բռնաճնշումներ եւ վարկաբեկիչ գործողութիւններ իրականացնելով հոգեւոր սպասաւորներու եւ եկեղեցւոյ աջակիցներու դէմ։
Հակաեկեղեցական ապօրինի այս գործողութիւններով անթաքոյց ոտնահարուած եւ արհամարուած են նաեւ հաւատաւոր մեր ժողովուրդի հոգեւոր զգացումները, փակուած են եկեղեցիներ, չեղարկուած են նախապէս ծրագրուած ծիսական արարողութիւններ, առանց քահանաներու կատարուած են յուղարկաւորութիւններ։
Ցաւալի այս իրավիճակի ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը կրէ օրուայ իշխանութիւնը եւ անձամբ երկրի վարչապետը, որ տեւական ժամանակէ ի վեր ատելութեան խօսք ու անհանդուրժողականութիւն կը տարածէ եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականներու դէմ, բացայայտ ոտնձգութիւններ կը կատարէ եկեղեցւոյ դարաւոր կարգերու դէմ։ Ըստ այդմ ալ այս ակնյայտ ոչ-իրաւական քրէական գործընթացներու քաղաքական բնոյթը ակնառու կը դառնայ, երբ անոնք անմիջապէս կը յաջորդեն վարչապետի այն յայտարարութիւններուն, որոնք Հայոց Եկեղեցին կը թիրախաւորեն։
Մեր կոչն է Հայաստանի Հանրապետութեան դատական եւ իրաւապահ մարմիններուն՝ գործել բացառապէս օրէնքի շրջանակներէ ներս եւ տուրք չտալ պաշտօնէական լիազօրութիւնները չարաշահող պետական գործիչներու կամայականութիւններուն եւ խմբային շահերուն։ Պետական լծակները պէտք է ծառայեն բացառապէս ազգային անվտանգութեան, հանրային համերաշխութեան եւ բարօրութեան կարեւորագոյն նպատակներուն եւ ո՛չ թէ դառնալով հաշուեյարդարի գործիք, յառաջ բերեն ազգային ներքին թշնամանք ու պառակտում։
Հոգեւոր մեր սպասաւորներուն եւ հաւատաւոր մեր ժողովուրդին կը յորդորենք չընկրկիլ, ամուր մնալ հաւատքի ու աղօթքի մէջ, չերկնչիլ վտանգներէ ու սպառնալիքներէ եւ ամենայն ջանք ի գործ դնեն ընդդէմ այն անարդարութիւններուն ու անօրինականութիւններուն, որոնք տեղ կը գտնեն երկրին մէջ։
Թող Տէրը ուժ եւ զօրութիւն պարգեւէ ազատազրկուած մեր եղբայրներուն եւ զաւակներուն, անսասան պահէ մեր երկիրն ու մեր Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին այսօր եւ միշտ. ամէն։