Տ. ԵԶՆԻԿ ԱՐՔԵՊՍԿ. ՊԵՏՐՈՍԵԱՆԻ 70-ԱՄԵԱՅ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսական դասու արժէքաւոր եւ համակրելի անուններէն Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան կը թեւակոխէ իր ծննդեան 70-ամեակը։ Յոբելեար սրբազանի ծննդեան տարեդարձի օրն է վաղը. ան կը դառնայ 70 տարեկան։ Նորին Սրբազնութիւնը թէեւ լուրջ վաստակ եւ բարի համբաւ ունի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս, սակայն, Կրետէի հոգեւոր տեսուչ դառնալէն ի վեր շատ աւելի զգալի ներկայութիւն դարձած է թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։ Պոլսահայ հաւատացեալները իւրացուցած են զինքը՝ մինչ բոլորին համար հաճելի դարձած է զանազան առիթներով վայելել իր ներկայութիւնը ու մա՛նաւանդ՝ ունկնդրել իր քարոզներուն, որոնք թէ՛ այնքան մատչելի եւ թէ, միեւնոյն ժամանակ, այնքան խոր են։ Կը տեղեկանանք, որ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի օրհնութեամբ՝ յառաջիկայ գարնան, ամենայն հաւանականութեամբ մայիսին, յոբելենական հանդիսութիւն մը տեղի ունենայ ի պատիւ Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեանին։ Յամենայնդէպս, վստահաբար, այդ մեծարանքի փուլը կանխել չի նշանակեր Նորին Սրբազնութեան յոբելեանին անդրադառնալը։ Ան իր ուսումով ու պատրաստութեամբ, իր կարողութիւններով եւ նուիրումով հոգեւոր ծառայութիւնը կը շարունակէ՝ իւրաքանչիւր քայլափոխին հարստացնելով կենսագրութիւնը, նաեւ ձեռքբերումներու գետին պատրաստելով հայ-քրիստոնեաներուն համար, երբ արդի ժամանակները նոր մարտահրաւէրներ կը բերեն իրենց հետ։ Անոնք, որոնք կը շփուին Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեանի հետ, արդէն կը զգան, թէ ան միշտ հաւատարիմ է հայ եկեղեցականի կոչման եւ նախանձախնդրութեամբ հոգեւոր ծառայութիւնը յառաջ կը տանի՝ միշտ իր վրայ դրուած յոյսերը արդարացնելու ձգտումով։
Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան ծնած է Թիֆլիզ, 1955 թուականին։ Կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած եւ վեղար ստացած է 1973 թուականին։ Եպիսկոպոս ձեռնադրուած է 1997 թուականին։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանը աւարտելէ վերջ՝ բարձրագոյն ուսումը ստացած է Աթէնքի ազգային համալսարանի Աստուածաբանութեան ֆաքիւլթէին մէջ։ Նոյն ֆաքիւլթէէն ներս ստացած է տոքթորականի կոչում։ Եղած է «Էջմիածին» ամսագրի պատասխանատու քարտուղար։ Դասախօսած է Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի մէջ, որու տեսուչն ալ եղած է շուրջ ինն տարի։ Աստուածաշունչի արեւելահայերէն թարգմանութեան պատասխանատուն եղած է, նաեւ Հայաստանի Աստուածաշունչի ընկերութեան հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահը, նաեւ ընդհանուր քարտուղարը։ Եղած է Նոր Նախիջեւանի եւ Ռուսաստանի հայոց թեմի առաջնորդական փոխանորդ, Հարաւային Ռուսաստանի հայոց առաջնորդ, Տաւուշի թեմի առաջնորդ։ Անդամակցած է Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդին, եղած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու պատասխանատուն։ Վարած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան բաժինը։ Ստանձնած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի քահանայից լսարանի պատասխանատուի պաշտօնը։
70-ամեայ յոբելեանին առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեանը, արեւշատ տարիներու անկեղծ մաղթանքով։