Չորեքշաբթի 18, Յունիս 2025
ՍՐԲՈՑ ԳԱՅԵԱՆԵԱՅՑ ՏՕՆԸ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ տօնախմբեց Սրբոց Գայեանեայց կոյսերու յիշատակը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տօնակատարութիւններ տեղի ունեցան՝ բարձր հովանաւորութեամբ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, որ նահատակ սրբուհիի մասունքի աջով օրհնեց բարեպաշտ ժողովուրդը։ Ս. Գայիանէ վանքին մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ՝ ձեռամբ Տ. Ներսէս Աբեղայ Յարութիւնեանի, որ խօսեցաւ նաեւ օրուան քարոզը։
Հուսկ, պատմական վանքի բակին մէջ, սրբուհիի մասունքակիր աջով կատարուեցաւ անդաստանի կարգ։
Չորեքշաբթի, Յունիս 18, 2025