ՎԵՀ. ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ՀԲԸՄ ՖՈՔՈՒՍ» ԾՐԱԳՐԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐԸ, ՈՐՈՆՑ ԱՇԽԱՏԱԺՈՂՈՎԸ ՏԵՂԻ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՅ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) նախաձեռնութիւններէն մէկուն մասնակիցները։ Այսպէս, «ՀԲԸՄ Ֆոքուս» ծրագրի մասնակիցները ստացան Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը։ Խումբը գլխաւորեց ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի մասնաճիւղի ղեկավար եւ Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն Վազգէն Եագուպեան։ 

Զրոյցի ընթացքին Վազգէն Եագուպեան Նորին Սրբութեան տեղեկութիւններ ներկայացուց ՀԲԸՄ-ի երիտասարդական շրջանակներէն ներս կազմակերպուած «ՀԲԸՄ Ֆոքուս» ծրագրին շուրջ։ Այս տարի առաջին անգամ կը կազմակերպուի այսպիսի ձեռնարկ մը Հայաստանի մէջ, ուր համախմբուած է շուրջ չորս հազար հայ երիտասարդ արհեստավարժ աշխարհի զանազան երկիրներէն։ «ՀԲԸՄ Ֆոքուս»ի նպատակն է ստեղծել համախոհներու ցանց մը, ընդլայնել անձնական ու մասնագիտական կապերը եւ ապահովել ընդգրկումը ՀԲԸՄ-ի համաշխարհային գործունէութեան։ Վազգէն Եագուպեան հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետին երախտագիտութիւն յայտնեց՝ ծրագրի մասնակիցները հիւրընկալելու եւ աշխատաժողովը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ իրականացնելու հնարաւորութեան ընձեռման համար։ Իր խօսքով՝ այս հանգամանքը աւելի կ՚ամրապնդէ երիտասարդներու կապը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հետ եւ կը նպաստէ ազգային ինքնութեան վերարժեւորման ու զօրացման։

Ապա Վեհափառ Հայրապետը ներկաներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնն ու պատգամը՝ բարձրօրէն գնահատելով ՀԲԸՄ-ի կողմէ կազմակերպուած նմանօրինակ ծրագրերը, որոնց շնորհիւ զանազան երկիրներէ հայորդիներ հնարաւորութիւն կը ստանան մէկտեղուելու Հայաստանի մէջ, շփուելու իրարու հետ եւ համատեղ ծրագրեր մշակելու ի նպաստ ՀԲԸՄ-ի առաքելութեան արդիւնաւորման եւ ի պայծառութիւն Հայաստանի։ Նորին Սրբութիւնը գոհունակութեամբ անդրադարձաւ նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ ՀԲԸՄ-ի միջեւ ձեւաւորուած սերտ կապերուն ու համագործակցութեան՝ կարեւորելով աշխարհատարած կառոյցի անուրանալի ներդրումը Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութեան արդիւնաւորման ուղղութեամբ։ Ան վստահութիւն յայտնեց, թէ Հայաստանէն ստացուած տպաւորութիւնները նոր ոգեշնչման աղբիւր պիտի դառնան երիտասարդներուն համար՝ առաւել նախանձախնդիր ըլլալու ազգային արժէքներուն ու սրբութիւններուն նկատմամբ։ Անոնք նաեւ պիտի խրախուսուին իրենց ներդրումը բերելու հայկական ազգային-եկեղեցական կեանքին։

Հուսկ, Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը յորդորեց ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս եւ Հայաստանին օգտակարութիւն բերելու ուղղութեամբ ներշնչուիլ ՀԲԸՄ-ի երախտարժան նախագահներու եւ Կեդրոնական վարչութեան անդամներու գովելի օրինակով, իրենց գիտելիքներն ու փորձառութիւնը ծառայեցնել ազգային կեանքի պայծառութեան։ 

Վեհափառ Հայրապետը պատասխանեց նաեւ ներկաներու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին երիտասարդներու եկեղեցական կեանքի ներգրաւուածութեան, հոգեւորականներու պատրաստութեան ու ծառայութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն։

Ուրբաթ, Յուլիս 18, 2025