ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳԱՊԱՏԿԱՆ ԿԱԼՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ՍԵՓԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻՆ ԴԷՄ ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ՅԱՓՇՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ՏԽՈՒՐ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը կը շարունակէ իրերայաջորդ, ծանրածանր մարտահրաւէրներ դիմագրաւել։ Գոյաբանական բնոյթով, նոյնաժամանակ ու մէկէ աւելի այդ հիմնախնդիրները Սուրբ Աթոռի երկինքին վրայ կուտակուած են՝ մինչ համայն հայութիւնը մտահոգութեամբ կը հետեւի իրադարձութիւններուն ու կը ջանայ Սրբոց Յակոբեանց զինուորեալ միաբանութեան ու սաղիմահայ փոքրաթիւ համայնքին զօրակցիլ։

Պատրիարքարանի դիւանը երէկ հրապարակեց հրատապ հաղորդագրութիւն մը, ըստ որու՝ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան ազգապատկան կալուածներու սեփականութեան իրաւունքին դէմ խնդրոյ առարկայ է աննախընթաց յափշտակութեան փորձ մը։ Այս նախաձեռնութիւնը կու գայ Երուսաղէմի քաղաքապետարանէն, որ կը պնդէ, թէ Սուրբ Աթոռը վաղեմի պարտքեր ունի եւ այս պատճառով՝ այդ կուտակուած պարտքերը գանձելու պատրուակով կը ջանայ գրաւի տակ դնել Հայ Երուսաղէմի կալուածները։

Հաղորդագրութեան մէջ շեշտուած է, որ քաղաքապետարանի պնդումները երբեք դատական իշխանութիւններուն կողմէ չեն հաստատուած ու որեւէ գործադրութեան նախընթաց չունին։ Աւելին, պարտքի պնդումներու տեսակէտէ առիւծի բաժինը կը վերաբերի կալուածի մը, որ Երուսաղէմի քաղաքապետութեան վարձու տրուած է։

Այս ոտնձգութեան փորձի մթնոլորին մէջ Սուրբ Աթոռը կոչ ուղղած է Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուին եւ ներքին գործոց նախարար Մոշէ Արպէլին, որպէսզի միջամտեն ընթացքին։ Նոյն առթիւ ընդգծուած է, որ քաղաքապետարանի պահանջը կը սպառնայ՝ չորրորդ դարէն ի վեր Սուրբ Երկրի մէջ գոյութիւն ունեցած հայ համայնքի յարատեւութեան։ Միեւնոյն ժամանակ, քաղաքապետարանի այս քայլը սպառնալիք մըն է միւս քրիստոնեայ համայնքներուն դէմ, որովհետեւ անոնց պարագային ալ կրնայ ընդլայնուիլ՝ օրինակ ծառայելով առանց դատավճռի մը քրիստոնեաներու կալուածներուն ձեռք դնելու տխուր հաւանականութեան։ Քաղաքապետարանի այս մտադրութիւնը շատ ժխտական ազդեցութիւն կրնայ գործել ընդհանրապէս Սուրբ Երկրէ ներս քրիստոնեաներու գոյութեան վրայ, շրջանի բոլոր քրիստոնէական հաստատութիւններու կրօնական, մշակութային ու կրթական գործունէութիւնով հանդերձ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 19, 2025