ՄՈՎՍԷՍ ԽՈՐԽՈՐՈՒՆԵԱՑ

Հելլէնաբան դպրոցի իսկական հիմնադիր կը հանդիսանայ Մովսէս Խորխորունեաց եպիսկոպոսը՝ Մաշտոց եպիսկոպոսի յաջորդը եւ թերեւս աշակերտը՝ հաւանօրէն ծանօթ Մովսէս Խորենացին. պատմագիրը կամ քերթողահայրը։

Այս առթիւ կ՚արժէ յիշել՝ թէ «Խորենացի» բառը կը կարծուի որ Խորխորունեաց բառի կրճատումն է։ Գիրք Թղթոցի դաւանաբանական ճառի մը վերնագիրը «Երանելի մեծի քերթողահօրն Մովսէսի Խորենացի եպիսկոպոսի». այս, արդարեւ կարծել կու տայ. անշուշտ այստեղ էր «Խորխորունեաց եպիսկոպոսը»։ Խորենացին իր ժամանակի Խորխորունեաց մասին գովեստով կը խօսի։

Ան արդէն Աբրահամ Կաթողիկոսի ժամանակ (Աբրահամ Ա. Աղբաթանեցի. 607-615 թթ.) եպիսկոպոս էր եւ 608 թուականին միւս յունաբաժին եպիսկոպոսներու հետ եկաւ նորընտիր Աբրահամ Կաթողիկոսին իր հպատակութիւնը յայտնելու։ Անշուշտ, այս թուականէն յետոյ գրած է ան Հայոց Պատմութիւնը Սահակ Բագրատունիի (Ե. դար) խնդրանքով։

Հաւանօրէն ճիշդ այս ժամանակներուն յիշատակուած Սահակ Համազաստեանը՝ թերեւս Բագրատունի է։

Անոր ժամանակէն են՝ Սահակ Արծրունին եւ Սմբատ Բագրատունի Վրկան մարզպանը։ Յայտնի է, որ Զ. դարու վերջերուն Խոսրով Նուշիրվանի հրամանով պարսից դիւցազնական վէպերէն «Պարսից պատմութիւն»ը գրուեցաւ։ Եւ այս հանգամանքը, անշուշտ, Սահակ Բագրատունին եւս դրդեց Մովսէս եպիսկոպոսէն խնդրելու՝ որ իբրեւ քերթող յայտնի էր արդէն, հայոց դիւցազնական պատմութիւնը գրելու. եւ ան յանձն առաւ այդ ծանր գործը եւ աշխատեցաւ ներկայացնել հայ աշխարհի քաջութեան դէպքերը։ Բայց ան այդ գործերը կը ներկայացնէ քերթողաբար, այսինքն՝ կոկելով, ինչպէս որ ժամանակի գրական ճաշակն էր հայոց եւ յունաց մէջ եւ ո՛չ թէ անպաճոյճ կերպով. այս իսկ պատճառով ան կը յանդիմանէ Սահակ Բագրատունին՝ որ անպաճոյճ եւ անսեթեւեթ առասպելներ կը սիրէր եւ ո՛չ յունականներու նման ողորկ առասպելներ, ինչպէս որ ինքն ալ կ՚աշխատէր հայոց առասպելները ներկայացնել։

Իրողութիւններու այս զարգացումը կապ ունի հռետորութեան հետ եւ Խորենացին առաջինը եղաւ, որ աշխատեցաւ հայ երկրի մէջ հռետորութիւնը մտցնել եւ գրեց իր «Պէտք»ը՝ որ Արդոնիոսի եւ Հերմոգէնի գործերու թարգմանութիւնն է։

Խորենացին ունի եւ ուրիշ գործեր։ Սահակ Արծրունի իշխանը՝ Սմբատ Բագրատունի եւ Սահակ Համազասպեանի ժամանակակիցը առանձին նամակով դիմեց Խորենացիին եւ կոչելով զայն երկրորդ Սահակ եւ Մեսրոպ Մաշտոց՝ խնդրեց Հոգեաց վանքի Տիրամօր պատկերի պատմութիւնը գրել, եւ Խորենացին գրեց «Պատմութիւն Սրբուհւոյ Աստուածածնի եւ պատկերի նորա» գործը։ Ունի նաեւ Հռիփսիմեանց պատմութիւնը՝ ներբող ի Ս. Հռիփսիմէ, Ճառ Վարդավառի, ի Տապանակ Տեառն, Քրիստոսի Մի Բնութեան Մասին Դաւանաբանութիւն (Գիրք Թղթ. եր. 22), այսպէս նաեւ Քերականութիւն։

Խորենացիի ճառերը զուտ հռետորական բնաւորութիւն ունին եւ կը տարբերին Եղիշէի գործերէն։ Իբրեւ քերթող ունի շարականներ՝ որոնք մինչեւ այժմս ալ Հայ Եկեղեցւոյ մէջ կ՚երգուին. այսպէս՝ Ճրագալոյցի «Ուրախացիր»ը, Տեառընդառաջի շարականը եւ «Խորհուրդ մեծ»ը՝ որ Գրիգոր Աստուածաբանի Քրիստոսի ծննդեան վրայ գրած ճառին նմանութիւնը ունի, եւս եւ «Մեծացուսցէ»ներու մէկ մասը։ Խորենացին վախճանած է 644 թուականէն առաջ, քանի որ այդ թուականին Խորխորունեաց եպիսկոպոսն էր Գրիգորը՝ Կանոններ Շինողը։ Խորենացիի կրտսեր եղբայրը կը համարուի Մամբրէն՝ որ վերծանող (=ընթերցող) կը կոչուի։

Հայ պատմիչները զայն «երրորդ փիլիսոփայ» կ՚անուանեն, թէեւ անոր անունով փիլիսոփայական գործ մնացած չէ, այլ երկու ճառ՝ որոնք պարզ են եւ Եղիշէի ոճով գրուած…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յուլիս 18, 2025, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Յուլիս 19, 2025