ՆԻԿԻՈՅ ԱՌԱՋԻՆ ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ 1700-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ ՓԱՍՏԱՎԱՒԵՐԱԳՐԱԿԱՆ ԺԱՊԱՒԷՆ

Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքի հովանաւորութեան ներքեւ, շաբաթավերջին, Ֆէնէրի «Մարաշլը» յունաց վարժարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ փաստավաւերագրական ժապաւէնի մը ցուցադրութիւնը, որուն յանուն Պատրիարքական Աթոռին մասնակցեցաւ Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։ Մինչ քրիստոնեայ աշխարհը կը նշէ Նիկիոյ առաջին տիեզերական ժողովի 1700-ամեայ յոբելեանը, այս առթիւ լրագրող Մելիքէ Չափան պատրաստած է փաստավաւերագրական ժապաւէն մը, որու առաջին ցուցադրութիւնը մէկտեղեց քաղաքիս քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդները եւ այլ հետաքրքիրներ։ Քրիստոնէութեան պատմութեան տեսակէտէ ծայր աստիճան հետաքրքրական այս սրբագումար ժողովէն 1700 տարի անց, սոյն փաստավաւերագրական ժապաւէնին մէջ զանազան պատմաբաններ, հոգեւոր առաջնորդներ եւ այլ մասնագէտներ կ՚արտայայտեն իրենց վերաբերմունքը տիեզերական ժողովին եւ անոր ազդեցութիւններուն վերաբերեալ։

Աշխարհի բազմաթիւ երկիրներուն մէջ խորհրդաժողովներ եւ այլ հանդիսութիւններ կը կատարուին այս յոբելեանին առթիւ։ Յառաջիկային նախատեսուած է նաեւ Նիկիոյ առաջին տիեզերեկան ժողովի գումարման վայրին՝ Իզնիքի մէջ համաքրիստոնէական արարողութիւն մը։ Կը ծրագրուի, որ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապն ալ մասնակցութիւն բերէ այդ տօնակատարութիւններուն։ Շաբաթավերջին ներկայացուած ժապաւէնով կը բիւրեղանայ, թէ Նիկիոյ առաջին տիեզերական ժողովը համաքրիստոնէական նշանակութեան առընթեր կարեւորութիւն կը ներկայացնէ նաեւ Թուրքիոյ տեսակէտէ։ Զրուցակից մասնակիցներու կարծիքներով՝ ժապաւէնին մէջ կը բիւրեղանայ, թէ տիեզերական ժողովը ինչո՞ւ կազմակերպուած էր, ի՞նչ կը ներկայացնէր իր բնոյթով եւ ամենակարեւորը՝ 1700 տարի առաջ առնուած էին ի՞նչ որոշումներ, որոնք ի զօրու են այսօր։

Ձեռնարկի ընթացքին Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքին առընթեր արտայայտուեցան նաեւ հաւաքոյթի մասնակից այլ հոգեւոր առաջնորդներ, ինչպէս նաեւ յոյն համայնքի աշխարհական վարիչներէն Լաքի Վինկաս։

Հարկ է նշել, որ այս ժապաւէնին համար հարցազրոյց մըն ալ տեսագրուած էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հետ։ Առաջին ցուցադրութեան աւարտին սարքուեցաւ նաեւ ընդունելութիւն մը, որու մասնակիցները ջերմօրէն շրջապատեցին Մելիքէ Չափանը՝ արտայայտելով իրենց գնահատանքը անոր կատարած գործին նկատմամբ։

Այս փաստավաւերագրական ժապաւէնը յառաջիկային պիտի ցուցադրուի նաեւ առցանց հարթակներու վրայ։

Երկուշաբթի, Յունիս 2, 2025