ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆԸ

Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը երէկ համախմբեց համայնքային շրջանակները։ Բացառիկ խանդավառութեան պայմաններուն ներքեւ տեղի ունեցան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւնները, որոնց նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Ատենապետ Աքսել Թոփալեանի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդի գործի գլուխ գալուն յաջորդած ժամանակաշրջանին Պէյօղլուի պարագային ապահովուած ձեռքբերումները արդէն կը պայմանաւորեն նաեւ տարեկան անուան տօնախմբութիւններուն մթնոլորտը։

Երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ լեցուն էր Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին, ուր Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մատոյց հանդիսաւոր Ս. Պատարագ՝ առընթերակայութեամբ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի եւ Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեանի։ Նորին Սրբազնութիւնը տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յակոբ Մամիկոնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Սիրուն Սիրունեանի։ Յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։ Պատարագիչ սրբազան հայրը հանդիսաւոր թափօրով առաջնորդուեցաւ տաճարէն դուրս, ուր բակին մէջ արտասանեց Արձակման աղօթքը։ Ս. Պատարագի աւարտին եկեղեցւոյ բակին մէջ արդէն երիտասարդներու գեղարուեստական ելոյթները սկսան՝ արժանանալով բոլորի գնահատանքին։

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախագահեց նաեւ յարակից «Նարեկեան» սրահին մէջ սարքուած սիրոյ սեղանին, որու մասնակիցներու շարքին էին Իսթանպուլի երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլու, Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան եւ համայնքային շրջանակներէն բազմաթիւ ծանօթ դէմքեր։ Ատենապետ Թոփալեանի գլխաւորած թաղային խորհուրդը եւ Պէյօղլուի ընտանիքին բոլոր պատասխանատուները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին սիրոյ սեղանի բոլոր մասնակիցները։ Գեղարուեստական բաժնին մէջ ծափահարութիւններու արժանացան Էսաեան վարժարանի սաները, որոնց ելոյթները իսկապէս յաջող էին եւ խանդավառ տրամադրութիւն ստեղծեցին բոլորին մօտ։ Յայտագիրը աւարտին հասաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հուսկ բանքով։

Թէ՛ հիւրերը եւ թէ համայնքային շրջանակներէն վարչայիններ արձակման փուլին հերթական անգամ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդին ի նպաստ։

Երկուշաբթի, Յունիս 2, 2025