Տ. ՆՈՒՐՀԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ. «ՄԵՐ ԱՆԽԱՌՆ ՈՒ ԱՆԽԱԽՏ ՍԷՐԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԵՆՔ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻՆ»
Հայ Երուսաղէմը վերջին օրերուն աւանդական շուքով նշեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդի եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարը։ 2026 թուականի Ս. Ծնունդը, ըստ ընկալեալ սովորութեան, Հին տոմարի համաձայն նշուեցաւ Սուրբ Երկրէն ներս, ուր Հայ Երուսաղէմի տօնակատարութիւնները համախմբեցին աշխարհի զանազան վայրերէն հայ ուխտաւորներ։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանի բարձր հովանաւորութեան ներքեւ տեղի ունեցան տօնակատարութիւնները։ Կիրակի, յունուարի 18-ին, Իսրայէլի բարձրաստիճան պաշտօնատարներէ բաղկացեալ խումբ մը շնորհաւորական այցելութեան փութաց Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարան, ուր հիւրընկալուեցաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողմէ։
Նոյն օրը, Ս. Յակոբեանց միաբանութիւնը ճանապարհ դուրս եկաւ դէպի Բեթղեհէմ, ուր Պաղեստինի ինքնավարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներու ջերմ վերաբերմունքին արժանացաւ։ Քաղաքի հրապարակին վրայ ծանրաշուք թափօր մը կազմուեցաւ՝ հանդիսապետութեամբ լուսարարապետ Տ. Սեւան Արք. Ղարիպեանի։ Ս. Ծննդեան տաճարի եւ Ս. Ծննդեան այրի մէջ աւանդական արարողութիւնները խոր տպաւորութիւն գործեցին բոլոր մասնակիցներուն վրայ։ Ճրագալոյցի Ս. Պատարագը մատոյց Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Պարսամեան։
Մինչ այդ, Պաղեստինի պանդոկներէն մէկուն մէջ Հայոց Պատրիարքութեան կողմէ պաշտօնական ընդունելութիւն մըն ալ կազմակերպուեցաւ Ս. Ծնունդի առթիւ։
Կէսգիշերը անց, Ս. Ծննդեան այրին մէջ տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Թէոդորոս Եպսկ. Զաքարեան։
Արարողութիւններուն ընթացքին հրապարակուեցաւ նաեւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր տաղաւարի պատգամը։
«Այս սրբազան առիթով, հայրական սիրով կը շնորհաւորենք համայն հայ ժողովուրդը՝ ի Պաղեստին, ի Յորդանան, ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի։ Մեր անխառն եւ հաստատուն սէրը կը յայտնենք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին եւ մեր սիրեցեալ Հայրապետին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին։ Թող Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը ըլլան խաղաղութեան, առողջութեան, հոգեւոր զարթօնքի եւ յոյսի տարի եւ թող Բեթղեհէմի նորածին մանկան օրհութիւնը հանգչի ձեր տուներուն, ձեր հոգիներուն եւ ձեր կեանքին մէջ։ Թող մարդացեալ Փրկիչը մեր հայրենիքն ու պետութիւնը պահէ անվտանգ, ամբողջ եւ անխռով ի կամս ողորմութեան իւրոյ եւ շնորհօք անճառելի մարդեղութեան իւրոյ. ամէն։ Շնորհաւոր Նոր տարի եւ Սուրբ Ծնունդ։ Ձեզի եւ մեզի մեծ աւետիս, Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ», ընդգծուած էր Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր պատգամին մէջ։
