Չորեքշաբթի 22, Յունուար 2025
ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը երէկ շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի նորընտիր նախագահ զօրավար Ժոզէֆ Աունին։ Իրեն ուղեկից բազմանդամ պատուիրակութեան մաս կազմեց նաեւ Լիբանանի խորհրդարանի հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի։
Անթիլիասի աղբիւրներու հաղորդումներով, Արամ Ա. Կաթողիկոս ջերմօրէն շնորհաւորեց նորընտիր նախագահը, որն ալ, իր հերթին, փոխադարձեց դրական արտայայտութիւններով։ Տեղի ունեցաւ նաեւ յուշանուէրներու փոխանակում։
Միւս կողմէ, հանդիպման աւարտին, կաթողիկոսը եւ Յակոբ Բագրատունի առանձին խորհրդակցութիւն մըն ալ ունեցան նորընտիր նախագահին հետ՝ շօշափելով Լիբանանի նոր կառավարութեան ձեւաւորման գործընթացին վերաբերեալ նրբութիւններ։
Երեքշաբթի, Յունուար 21, 2025