ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԶԱՆԳԵՐԸ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻ ՄԷՋ ԿԸ ՂՕՂԱՆՋԵՆ ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴԻ ՏՕՆԱԿԱՆ ԱՒԵՏԻՍՈՎ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին Սուրբ Քաղաքի մէջ այս տարի եւս մեծ շուքով եւ հոգեւոր հրճուանքի մթնոլորտով նշեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդը։ Հայ Երուսաղէմի եկեղեցիներու զանգերը վերջին օրերուն դարձեալ տօնական կշռոյթով հնչեցին՝ մինչ գոյաբանական մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման մնացած սաղիմահայութիւնը ամրապնդուեցաւ լաւատեսութեան եւ վճռականութեան ճանապարհին։ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը այս տարի Սուրբ Ծնունդի տօնակատարութիւններուն առթիւ հիւրընկալեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը։ Գուգարաց թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետի պաշտօնակատար Տ. Յարութիւն Վրդ. Կիրակոսեան եւ Տ. Ռուբէն Վրդ. Զարգարեան մեկնած էին Երուսաղէմ, ուր տօնական շրջանին հիւրընկալուեցան Սուրբ Աթոռի կողմէ։ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան լուսարարապետ Տ. Սեւան Արք. Ղարիպեան, Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ Տ. Թէոդորոս Եպսկ. Զաքարեան եւս մասնակցութիւն բերին տօնակատարութիւններուն։ Սրբոց Յակոբեանց զինուորեալ միաբանութեան բոլոր անդամները այս տարի եւս տօնակատարութիւններու ընթացքին պատկառանք ազդեցին՝ ցոլացնելով Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ծիսակատարութեան ամբողջ փառքը։
Սուրբ Ծնունդի առթիւ, Բեթղեհէմի հրապարակին վրայ կազմուեցաւ մեծ թափօր մը, որուն եկեղեցականներուն առընթեր միացան նաեւ սկաուտներ։ Լուսարարապետ Տ. Սեւան Արք. Ղարիպեանի գլխաւորութեամբ թափօրը մուտք գործեց Սուրբ Ծննդեան տաճար, ուր աւանդական բոլոր տօնակատարութիւնները տեղի ունեցան տաճարի հայկական բաժանմունքին, հայկական վանքին, ինչպէս նաեւ ծննդեան նուիրական այրին իսկ վրայ։ Արարողութիւններուն ընթացքին Իսրայէլի եւ Պաղեստինի իշխանութիւններու ներկայացուցիչները միշտ բերին իրենց ներկայութիւնը՝ շնորհաւորութիւններ եւ բարեմաղթանքներ յղելով հայ հոգեւորականութեան եւ հաւատացեալներուն։
Ճրագալոյցի Ս. Պատարագը, Ս. Ծնունդի արարողութիւնն ու տաղաւարի հանդիսաւոր Ս. Պատարագը, ջրօրհնէքը եւ աւանդական բոլոր հոգեպարար արարողութիւնները համախմբեցին հայ ուխտաւորները, որոնք առ Աստուած անկեղծ աղօթք բարձրացուցին եւ զիրար ողջունեցին եզակի, տէրունակոխ միջավայրի մէջ։
Միւս կողմէ, Սուրբ Ծնունդի առթիւ, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը պաշտօնական ընդունելութիւն մըն ալ սարքեց «Քազա Նովա» պանդոկին մէջ։