ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՒԻՏԵԱՆ ՓՈԽԵՑ…

Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան օրերուն, անգամ մը եւս կը խորհրդածենք, թէ ո՞վ է Քրիստոս, որ մարդկային կեանքի պատմութիւնը յաւիտեան փոխած է եւ կը շարունակէ փոխել։

Եկեղեցին Քրիստոսի ծնունդը կը յայտարարէ իբրեւ Աստուածայայտնութիւն, որ Քրիստոս իբրեւ Աստուած եւ Փրկիչ յայտնուած է մարդկանց։ Բայց եւ այնպէս, մենք իբրեւ ֆիզիքական մարդ արարած դժուարութիւն ունինք զԱստուած հասկնալու, քանի որ անտեսանելի է ըմբռնելու ու ճանչնալու իմաստով, այլ ձեւով նոյնպէս, այս անգամ տեսանելի Քրիստոսը իբրեւ զԱստուած ճանչնալն ալ նոյնպէս դժուար եղած է շատերուն համար։ 

Մենք ամէն բան կը ճանչնանք, կ՚ըմբռնենք ու կ՚ուսումնասիրենք իրենց արտաքին ու մեր զգայարաններու վրայ ինկած չափով։ Իրերը կը ճանչնանք իրենց մարմնով, ծաւալով, ծանրութեամբ, հասակով, իսկ աներեւոյթ ձայները՝ մեր ականջներով, հոտերը՝ մեր քիթով եւ թէ զանոնք կը զանազանենք իրենց բոլոր տեսակներով ու վստահ կը հասկնանք, թէ ինչի հոտ է մեր առածը կամ ինչ բանի ձայնն է մեր լսածը։

Զարմանալին այն է, որ զիրար տեսնելու ատեն ալ կը ճանչնանք մէկզմէկու երեւոյթով։ Շատ հետաքրքրական է, որ նոյնիսկ մեր ամենամօտիկ եւ սիրելի անձի տեսքը նկարի մը նման բոլոր մանրամասնութեամբ չենք կրնար բացատրել, բայց եւ այնպէս, միայն տեսնելու ժամանակ կը ճանչնանք զանոնք, մեր միտքի մէջ նախապէս կազմուած կերպարով։

Այս իրողութեան իբրեւ ապացոյց, մեզմէ երկար ատեն հեռու մնացած մէկու մը երբ տարիներ յետոյ հանդիպինք, կը դժուարանանք զինք ճանչնալու, որովհետեւ ան տարիներու ընթացքին փոփոխութիւններ կրած է։ Ուրեմն, ո՞վ է մեր ճանչցածը՝ մեր բարեկամը կամ նոյնիսկ մեր սիրելին, անցեալի՞նը թէ ներկայինը։ Բայց եւ այնպէս, երբ մեր դիմացինը կը սկսի զինք կրկին ծանօթացնել, այն ատեն ինչպէս նկար մը դեղի մէջ տպուելու ժամանակ կամաց-կամաց կը յայտնուի, նոյնպէս մեր մտքին մէջ կը սկսի ուրուագծուիլ անոր դէմքը եւ այն ատեն կը յիշենք ու կը ճանչնանք զինք։

Ուրեմն, իբրեւ ստեղծուած ու մահացու արարածներ՝ որքան եւս դժուար ու անկարելի պիտի ըլլար մեզի համար ճանչնալ զԱստուած, որ եթէ Ինք՝ Աստուած մեզի չմօտենար ու ինքզինք կրկին չծանօթացնէր, քանի ադամական մեղքի օրերէն սկսեալ հեռացած էինք Իրմէ եւ մոռցած էինք զԻնք։

Այսպէս, երբ Յիսուս աշակերտներուն կ՚ըսէր. «Ա՛յսքան ժամանակ ես ձեզի հետ եմ, եւ չճանչցա՞ր զիս, Փիլիպպո՛ս։ Ա՛ն որ տեսաւ զիս՝ տեսաւ Հա՛յրը. դուն ի՞նչպէս կ՚ըսես. “Ցո՛յց տուր մեզի Հայրը”». (Նոր կտակարան, Յովհ. 14:9)։

Նոյնպէս կիներ Յիսուսի յարութենէն վերջ երբ գերեզման գացին օծելու համար անոր մարմինը, չճանչցան զԻնք, Յիսուս ըսաւ Մարիամին. «Կի՛ն, ինչո՞ւ կու լաս, ո՞վ կը փնտռես»։ Ինք կարծելով, թէ ան պարտիզպանն է, ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, եթէ դո՛ւն տեղափոխեցիր զայն, ըսէ՛ ինծի՝ ո՞ւր դրիր զայն, որպէսզի վերցնեմ զայն». (Նոր կտակարան, Յովհ․ 20:15)։

Այս իսկ պատճառով Քրիստոս շարունակ առակներով կը խօսէր երբեմն ծածուկ երբեմն բացայայտ՝ իր Աստուածութեան, Աստուծոյ եւ արքայութեանը մասին։

Աստուած այս ճամբան ընտրած էր, քանի մենք այդ տեսողութիւնն ու կարողութիւնը կորսնցուցած էինք, նաեւ Աստուած կ՚ուզէր մեզի մօտենալ ու իրմէ հեռացած մեր սիրտերը մօտեցնել իրեն, որպէսզի փրկէ մեզ։ Բայց հրեշտակը ըսաւ անոնց. «Մի՛ վախնաք, որովհետեւ ահա՛ ես մեծ ուրախութեան աւետիս մը կու տամ ձեզի, որ ամբողջ ժողովուրդին պիտի ըլլայ. որովհետեւ այսօր՝ Դաւիթի քաղաքին մէջ՝ Փրկիչ մը ծնաւ ձեզի, որ Օծեալ Քրիստոս Տէրն է». (Նոր կտակարան, Ղուկաս, 2:10-11)։

Յիսուս իր փրկագործութեան առաքելութեան ընթացքին ինքզինք կը ծանօթացնէր երբեմն Մարդու Որդի, երբեմն ալ Աստուծոյ Որդի ըլլալով։ 

Մարդու Որդի ըլլլալով կը ծանօթացնէր՝ ըսելով. «Երբ լեռնէն վար կ՚իջնէին, Յիսուս հրահանգեց անոնց. “Այդ տեսիլքը ո՛չ մէկուն պատմեցէք, մինչեւ որ մարդու Որդին մեռելներէն յարութիւն առնէ”». (Մատթ. 17:9)

Աստուծոյ Որդի ըլլալով կը ծանօթացնէր՝ ըսելով. «հապա զայն՝ որ Հայրը սրբացուց եւ աշխարհ ղրկեց, դուք ի՞նչպէս կ՚ըսէք անոր. “Կը հայհոյե՛ս”, որովհետեւ ըսի. “Աստուծոյ Որդի եմ”». (Յովհ․ 10:36)։

Ինչպէս ըսինք, մենք՝ Աստուծմէ հեռացածներս փրկութեան արժանանալու համար նախ զԻնք իբրեւ զԱստուած ճանչնալու ենք եւ այս իսկ պատճառով Յիսուս ինքզինք մարդկանց իբրեւ Ճշմարիտ մարդ եւ իբրեւ Աստուած ծանօթացուց։ 

Յիսուս իբրեւ կատարեալ մարդ, մարդկային ցեղի փրկութեան համար կոյս Մարիամէ ծնելով՝ աշխարհ եկաւ ու Մարդու Որդի անունով ծանօթացուց ինքզինք, ինչպէս որ իր մասին գրուած է, թէ Դաւթի եւ Աբրահամի որդին է (Մատթ. 1)։

Նոյնպէս իբրեւ կատարեալ Աստուած առանց մարմնաւոր հօր, ճշմարիտ Որդի էր Աստուծոյ, նաեւ ճշմարիտ Աստուած, քանի որ Անոր բնութենէն մարմին առաւ:

Այս պատճառով է, որ քարոզելու եւ հրաշագործելու ժամանակ երբեմն Աստուածութիւնը եւ երբեմն ալ մարդկութիւնը կը յայտնէր, որովհետեւ եթէ միայն Աստուած ըլլար, անոր մահը անկարելի կ՚ըլլար, իսկ եթէ սոսկ մարդ ըլլար, անոր մահուամբ մարդկութիւնը կարող չէր ըլլար ազատելու մեղքերէ եւ անմահութիւն ստանալու: 

Սուրբ Եկեղեցին զԻնք կը դաւանի իբրեւ կատարեալ Աստուած եւ կատարեալ Մարդ։

Նոյնը կը կարդանք Հաւատոյ հանգանակի «Հաւատամքի» մէջ. «ի ժամանակի իջեալ յԱստուածածին Կոյսն Մարիամ, առեալ յարենէ նորա՝ միաւորեաց ընդ Իւրում աստուածութեանն՝ իննամսեայ ժուժկալեալ յարգանդի անարատ Կուսին. եւ եղեւ Աստուածն կատարեալ՝ մարդ կատարեալ»։

Այսպէս միայն Քրիստոսով կարելի է զԱստուած ճանչնալ ու մօտենալ Իրեն։ «Անով մենք ունինք համարձակութիւն ու վստահութեամբ մօտենալու [արտօնութիւն՝] հաւատալով իրեն». (Նոր կտակարան, Եփեսացիներ, 3:12)։

Մենք զԱստուած ճանչնալու ու Իրեն վստահութեամբ մօտենալու կը կարօտինք եւ արտօնութիւնն ալ ունինք․ Քրիստոսէ զատ երկրագունդի վրայ չկայ ուրիշ մէկը, որ փրկէ մեզ մահուընէ եւ պարգեւէ ու խոստանայ յաւիտենական կեանք։

Այսպէս, մենք կը նմանինք երկրաշարժէ վերջ փլուզումի տակ մնացած աղէտեալներու, որոնք անճար ու վիրաւոր խաւարին մէջ են, իրենց շուրջը արիւնով եւ վէրքերով լեցուն է, ծանրաբեռնուած ու յոգնած կը սպասեն լոյսի փոքր նշոյլի մը ու ձայնի մը, փրկիչի մը, որ իրենց պիտի ձայնէ ըսելով՝ հոն կայ մէկը։

Այսօր անգամ մը եւս ծնաւ սպասուած այն Փրկիչը, որ բարձրաձայն աղաղակելով կ՚ըսէ. «Եկէ՛ք ինծի, [դուք] բոլորդ յոգնածներդ ու բեռնաւորուածներդ, եւ ես պիտի հանգստացնեմ ձեզ». (Մատթ. 11։28)։

Ան մեզի կ՚երկարէ իր բազկատարած ձեռքը՝ մահուան ու կորուստի տանող ճամբէն փրկելու ու խաւարէ դուրս բերելու համար․ մենք ալ կ՚աղաղակենք ըսելով՝ եկուր Տէր, հոս ենք, լսէ մեր ձայնը եւ փրկէ մեզ, քու ողորմութեամբդ գրկէ մեզ մեր նեղութեանց մէջէն, օրհնէ, խաղաղեցուր, մխիթարէ ու երջանկացուր մեզ ու մեր ընտանիքները․ ամէն։

ԿՈՐԻՒՆ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Յունուար 21, 2026