Երեքշաբթի 22, Յուլիս 2025
Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ կիրակնօրեայ արարողութեան նախագահեց Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Միսաք Սրկ. Չամեափան եւ այլ դպիրներ։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, ատենապետ Նուրհան Սուճուեանի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը ջերմօրէն հիւրընկալեց Նորին Սրբազնութիւնը եւ հաւատացեալները։
Երկուշաբթի, Յուլիս 21, 2025