Երեքշաբթի 22, Յուլիս 2025
ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ արարողութիւններուն եւ տուաւ օրուան քարոզը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ս. Քառասուն Մանկանց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սէրճան Կազէրօղլուի։ Ս. Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։
Երկուշաբթի, Յուլիս 21, 2025