«ՉԿԱՅ Ս. ԷՋՄԻԱԾԻՆ ԱՌԱՆՑ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՉԿԱՅ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆ ԱՌԱՆՑ Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ»
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ նշեց Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնը։ Սա հայոց հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի տեսիլքով Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի հաստատման յիշատակութեան տօնն է։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ այս առթիւ տեղի ունեցան մեծահանդէս տօնակատարութիւններ՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ։ Միածնաէջ Մայր Տաճարին մէջ օրուան պատարագիչն էր Տ. Հայկազուն Արք. Նաճարեան։
Այս տարուան տօնակատարութիւնը բացառիկ իմաստ ունեցաւ՝ Հայաստանի մէջ ծագած իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան պայմաններուն ներքեւ։ Ծովածաւալ բազմութիւն մը մասնակցեցաւ արարողութիւններուն՝ օրուան տօնը համարելով պատեհ առիթ մը զօրակցութիւն յայտնելու Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան եւ Վեհափառ Հայրապետին։ Նոյն զգայնութիւններով ուխտի երթ մըն ալ տեղի ունեցաւ Զուարթնոցի պատմական տաճարէն դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։
Վեհափառ Հայրապետը օրուան պատգամը տուաւ՝ Միածնաէջ Մայր Տաճարի զանգակատան ներքեւ։ Ան շրջապատուած էր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներուն կողմէ։ Հոգեւոր ապրումներու տեսակէտէ խորհրդանշական մթնոլորտի մը մէջ հնչեց այդ պատգամը՝ քանի օրուան տօնին առթիւ հաւատացեալներու երկրպագութեան եւ մխիթարութեան համար դուրս բերուած էին բազմաթիւ սուրբ մասունքներ, որոնք ի պահ դրուած են Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Վեհափառ Հայրապետը շինիչ պատգամ մը տուաւ՝ միասնականութեան կոչերով ու յորդորներով։ «Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը Աստուծոյ հետ մեր ժողովուրդի յաւերժական ուխտի խորհրդանշանն է, որ դրոշմուած է ամէն հայու հոգիին մէջ։ Սուրբ Էջմիածինը մեր հոգեւոր էութիւնն ու ազգային դիմագիծն է, մեր սիրտն ու ոգին է, մեր անցեալն ու ներկան եւ մեր ապագան։ Սուրբ Էջմիածնով միշտ միասնական մնացած է մեր ժողովուրդը։ Չկայ Սուրբ Էջմիածին առանց հայութեան եւ չկայ հայութիւն առանց Սուրբ Էջմիածնի», ըսաւ ան, որ նաեւ զօրակցութիւն յայտնեց իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան մթնոլորտին մէջ ձերբակալուած ազգային բարերար Սամուէլ Կարապետեանին։ «Իշխանութիւններուն կողմէ սանձազերծուած հակաեկեղեցական արշաւը լրջագոյն սպառնալիք է մեր ազգային միաբանութեան, մեր երկրի ներքին կայութեան եւ ուղիղ հարուած հայոց պետականութեան», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը։
Ստորեւ կը ներկայացնենք Վեհափառ Հայրապետին պատգամը՝ արեւմտահայերէնի վարծելով։
*
Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. ամէն։
«Ոչ ոք չի կարող դնել ուրիշ հիմք,
քան դրուած այն հիմքը, որ Յիսուս Քրիստոսն է»
(Ա Կորնթ. 3.11)։
Սիրելի հաւատաւոր ժողովուրդ,
Հայրապետիս համար հոգեւոր անհուն ուրախութիւն է Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնի հոգենորոգ այս օրը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ համախմբուած տեսնել ազգիս հազարաւոր զաւակները՝ հայրենի մեր երկրի զանազան շրջաններէն եւ սփիւռքի համայնքներէն։ Հայրական սիրով կ՚ողջունենք ձեզ եւ կը բերենք Հայրապետական մեր օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները բոլորիդ։
Հաւաքուած ենք Քրիստոսի էջքով նուիրագործուած այս սրբավայրին մէջ՝ վերանորոգելու սիրոյ ու նուիրումի մեր ուխտը առ Աստուած ու հայրենին եւ առ Սուրբ Էջմիածինը, որ Տիրոջ նախախնամութեամբ դարձաւ մեր ազգի հոգեւոր զարթօնքի զօրութիւնը, մեր ինքնութեան դարբնոցը եւ նոր շունչ ու աւիւն հաղորդեց մեր ժողովուրդին՝ մեր բազմադարեայ պատմութեան ընթացքին։
Աստուած մեզ ընդունեց իբրեւ ազգ սուրբ եւ ժողովուրդ սեփական (Ա Պետր. 2.9) եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետի տեսիլքով ազգիս պարգեւեց Սուրբ Էջմիածինը՝ որպէս փրկութեան տապան եւ մեր հաւատքի անսասան վէմ ու հիմնասիւն։ «Ոչ ոք չի կարող դնել ուրիշ հիմք, քան դրուած այն հիմքը, որ Յիսուս Քրիստոսն է» (Ա Կորնթ. 3.11), կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը Աստուծոյ հետ մեր ժողովուրդի յաւերժական ուխտի խորհրդանիշն է, որ դրոշմուած է ամէն հայու հոգիին մէջ։ Սուրբ Էջմիածինը մեր հոգեւոր էութիւնն ու ազգային դիմագիծն է, մեր սիրտն ու ոգին է, մեր անցեալն ու ներկան եւ մեր ապագան է։ Սուրբ Էջմիածնով միշտ միասնական մնացած է մեր ժողովուրդը։
Չկայ Սուրբ Էջմիածին առանց հայութեան եւ չկայ հայութիւն առանց Սուրբ Էջմիածնի։ «Ի վերայ Աջոյն եւ Սրբոյ Էջմիածնի ամենայն ազգն հայոց կապեալ կան», ճշմարտապէս կ՚արձանագրէ Առաքել Դավրիժեցի պատմիչը։
Սուրբ Էջմիածինը անշէջ ու լուսաւոր փարոսն է մեր ժողովուրդի փրկութեան ճանապարհին։
Կաթողիկոսանիստ Սուրբ Էջմիածնէն դարեր շարունակ Հայրապետական առաջնորդութիւն եւ օրհնութիւն կը բաշխուի համայն հայութեան։ Քրիստոսաէջ այս վայրին մէջ դարեր առաջ Հայրապետական Աթոռի վերահաստատումով ազգս հայոց համախմբուեցաւ Հայաստանի մէջ եւ վերականգնեց իր անկախ պետականութիւնը։
Եղած են ժամանակներ, երբ տարբեր ուժեր ձգտած են սահմանափակել մեր Սուրբ Եկեղեցիի առաքելութիւնը եւ ենթարկեցնել իրենց շահերուն։ Այդ ճանապարհը, ցաւալիօրէն, կործանարար բաժանումներ բերած է ազգային ներքին կեանքին մէջ։ Բայց հաւատաւոր մեր ժողովուրդը, ունկնդիր Տիրոջ խօսքին, թէ՝ «ինքն իր մէջ բաժանուած ամէն թագաւորութիւն կ՚աւերուի» (Մատթ. 12.25), միշտ նախանձախնդիր եղած է պահպանելու իր միասնականութիւնը եւ ի սէր հայրենեաց համախմբուածութիւնը։ Այսօր ալ նման տագնապալի օրեր կ՚ապրինք։ Մեր երկրի բազմաթիւ հիմնախնդիրներու առջեւ միաւորման ջանքերու փոխարէն կը շարունակուին հասարակութիւնը պառակտելու ցաւալի գործողութիւնները։ Իշխանութիւններու կողմէ սանձազերծուած հակաեկեղեցական արշաւը լրջագոյն սպառնալիք է ազգային մեր միաբանութեան, մեր երկրի ներքին կայունութեան եւ ուղիղ հարուած՝ հայոց պետականութեան։ Օրեր առաջ ականատես դարձանք դատապարտելի նոր երեւոյթի մը։ Ի պաշտպանութիւն Սուրբ Էջմիածնի հանդէս եկած եկեղեցանուէր հայորդիի՝ ազգային բարերար Սամուէլ Կարապետեանի դէմ իրականացուեցաւ ապօրինի հետապնդում։ Արդարեւ, ատելութեամբ ու թշնամանքով բարիք չի ծնիր, բռնաճնշումներով երկիր չի կառուցուիր, սպառնալիքի ու վախու մթնոլորտի մէջ արդարութիւն եւ համերաշխութիւն չի հաստատուիր։ Սուրբ Էջմիածինը՝ հաւատարիմ հոգեփրկչական եւ ազգի ու պետականութեան զօրացման իր պատմական առաքելութեան, հետեւողականօրէն պիտի շարունակէ պաշտպանել ազգային շահերն ու իրաւունքները, անխաթար պահել մեր ժողովուրդի միաբանութիւնը եւ համախմբել համայն հայութիւնը՝ արիութեամբ դիմագրաւելու ազգային ու հայրենական կեանքի առջեւ ծառացած դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները։
Սիրելիներ, որդիական հաւատարմութեան զգացումներով այսօր դուք՝ որպէս ուխտաւոր, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ էք՝ օրհնութիւն ստանալու տօնի առթիւ դուրս բերուած Տէրունական Սուրբ Խաչի մասունքէն, Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Աջէն, Ս. Գեղարդէն եւ երկրպագութեան համար ձեզի մատուցուած սրբութիւններէն։ Այս սրբութիւններու հրաշագործ զօրութեամբ մեր բարդ ու վտանգաշատ ժամանակներուն փորձութիւններու մէջ մխիթարութիւն պիտի գտնենք, ուժ առնենք նեղութիւնները դիմագրաւելու, բարօր կեանք ու լուսաւոր ապագայ կերտելու։
Սուրբ Էջմիածնի տօնի այս նուիրական օրը առաքեալի խօսքով կը պատգամենք ձեզ. «Հաստատուն մնացէք հաւատի մէջ, քաջ եղէք, զօրացէք։ Ձեր ամէն ինչը սիրով թող ըլլայ» (Ա Կորնթ. 16.13-14)։ Հաւատարիմ մնացէք քրիստոսահիմն Սուրբ Էջմիածնին, ձեր ինքնութեան։ Հաստատակամութեամբ պաշտպանեցէք մեր պատմութիւնն ու սրբազան մեր արժէքները, մեր հաւատքը, սրբութիւնները եւ նախանձախնդիր եղէք ազգաշէն ու հայրենօգուտ բարի գործերու մէջ։
Ապրեցէք համերաշխութեամբ, իրարու հանդէս հոգատարութեամբ եւ միշտ ընթացէք աստուածահաճոյ ուղիներով։ Կը հաւատանք, թէ մեր ժողովուրդի առ Աստուած սէրը եւ առ հայրենին նուիրումը ամուր հիմք ու երաշխիք են մեր համընդհանուր իղձերու ու տեսիլքներու իրականացման, մեր խաղաղ ու անվտանգ կեանքի։
Այս հոգենորոգ օրը Հայրապետական մեր գնահատանքը կը բերենք ձեզի եւ մեր բոլոր զաւակներուն, որոնք մշտապէս, ինչպէս եւ եկեղեցւոյ դէմ իրականացուող դատապարտելի արշաւի այս օրերուն իրենց անսակարկ սէրն ու աջակցութիւնը կը ցուցաբերեն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին եւ Հայաստանեայց Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ։
Միասնական աղօթքով հայցենք մեր հաւատքի հայր Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի եւ Ս. Տրդատ թագաւորի բարեխօսութիւնը, որպէսզի Տիրոջ խաղաղութիւնը հաստատուի աշխարհի վրայ, ապահով ու անխռով ըլլան մեր հայրենիքն ու աշխարհասփիւռ ժողովուրդը՝ միշտ առաջնորդուելով Սուրբ Էջմիածնէն ճառագող աստուածապարգեւ հաւատով ու յոյսով։
Աղօթենք արցախցի մեր քոյրերու ու եղբայրներու համար՝ զօրակից ըլլալով անոնց նեղութիւններու ու դժուարութիւններու յաղթահարման գործին մէջ։ Աղօթենք Ատրպէյճանի կողմէ գերեվարուած մեր զաւակներու ազատ արձակման, ինչպէս նաեւ մեր երկրին մէջ յանիրաւի կալանաւորուած մեծանուն բարերար տիար Սամուէլ Կարապետեանի ազատութեան համար։ Խնդրենք Ամենակալէն, որպէսզի Իր Սուրբ Աջի պահպանութիւնն ու հովանին եւ Քրիստոսադրոշմ Սուրբ Էջմիածնի առատ օրհնութիւնները միշտ տարածեալ ըլլան մեր ազգի եւ հայոց աշխարհի վրայ։
Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի շնորհները, սէրը եւ խաղաղութիւնը թող ըլլան մեզի եւ ամէնքի հետ: Ամէն: