Հինգշաբթի 23, Հոկտեմբեր 2025
ԻՐԱԶԵԿՄԱՆ ՀԱՒԱՔՈՅԹ
Երուսաղէմի Ս. Յարութեան տաճարի յատակի նորոգութեան աշխատանքները կ՚ընթանան՝ միջազգային անմիջական ուշադրութեան պայմաններուն ներքեւ։ Հռոմի Սափիէնզա համալսարանի հնագիտութեան բաժնին կողմէ յառաջ կը տարուին աշխատանքները՝ համաքրիստոնէական այս նուիրական վայրէն ներս։ Ս. Յարութեան տաճարի իրաւատէր Երուսաղէմի երեք համայնքներու հոգեւոր պետերուն եւ հոգեւորականաց դասուն համար նախընթաց օր տեղի ունեցաւ իրազեկման մասնաւոր հաւաքոյթ մը։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան կողմէ ներկայ գտնուեցան՝ Տ. Թէոդորոս Եպսկ. Զաքարեան, Ս. Աթոռի աւագ թարգման Տ. Վազգէն Վրդ. Ալեքեան, Ս. Յարութեան տաճարի առժամեայ տեսուչ Տ. Տիրան Վրդ. Յակոբեան, դիւանապետ Տ. Աղան Վրդ. Գոգճեան, ինչպէս նաեւ հայ պատրիարքի գաւազանակիրը՝ Տ. Սիմոն Աբեղայ Թագուշեան։
Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 23, 2025