ՅՂՈՒԹԵԱՆ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒՄ

Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Հայոց Մայր տաճարէն ներս վերջին երկու օրերուն տեղի ունեցան՝ «Յղութիւն Սուրբ Աստուածածնի ի յԱննայէ» տօնակատարութիւնները։ Նախատօնակին հանդիսապետեց լուսարարապետ Տ. Սեւան Արք. Ղարիպեան։ Երէկ, օրուայ տօնին առթիւ պատարագեց Տ. Կորիւն Եպսկ. Պաղտասարեան։ Սուրբ Աստուածածնի տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագը՝ Սուրբ Կոյսի գերեզմանին վրայ։ Հանդիսադիր սրբազան հայրը տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։

Հարկ է նշել, որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին 13-րդ դարէն ի վեր կը նշէ այս տօնը։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2025