Երեքշաբթի 23, Դեկտեմբեր 2025
ՊԱՂՏԱՏԻ ՄԷՋ ԲԱՑՈՒՄ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Իրաքի թեմէն ներս, Նոր տարուայ եւ Ս. Ծնունդի ընդառաջ, երէկ, հոգեւոր մեծ ուրախութեան մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ։ Այսպէս, շուրջ տարի մը տեւած հիմնանորոգումէ վերջ, հանդիսաւոր կերպով օծուեցաւ ու պաշտամունքի վերաբացուեցաւ Պաղտատի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ առաջնորդանիստ եկեղեցին։ Արարողութեան հանդիսապետեց Թեմակալ առաջնորդ Տ. Օշական Եպսկ. Կիւլկիւլեան։ Ներկայ էր նաեւ Իրաքի վարչապետ Մուհամմէտ Շիա Սուտանի։ Այս վերջնոյն յուշանուէր մը յանձնուեցաւ Նորին Սրբազնութեան ձեռամբ։
Հարկ է նշել, որ Պաղտատի առաջնորդանիստ եկեղեցին կառուցուած է 1957 թուականին։ Այդ ժամանակէն ի վեր առաջին անգամ եկեղեցին ենթարկուեցաւ ծաւալուն հիմնանորոգման։
Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2025