ՁԵՐԲԱԶԱՏԻՆՔ ԵՍԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ԱԽՏԷՆ

«Մի՛ պարծենաք եւ ամբարտաւան բաներ մի՛ խօսիք, մեծախօսութիւն թող չլսուի ձեր բերանէն, որովհետեւ Աստուած իմացութիւններու Տէրն է եւ Ան կը պատրաստէ Իր զարմանահրաշ գործերը» (Ա. Թգ 2.3):

Վերոգրեալ այս բառերը կը պատկանին Սամուէլի մօր՝ Աննային, որ Սամուէլին ծնելէն ետք աղօթք բարձրացուց Աստուծոյ՝ շնորհակալութիւն յայտնելով Անոր Իր ողորմածութեան եւ ընծայած պարգեւին համար: 

Այս բառերը, որպէս ազդանշան կու գան հնչելու մեզմէ իւրաքանչիւրին ականջին մէջ, զգուշացնելով ու սթափեցնելով մեզ, հեռու մնալու մեր եսէն: Գաղտնիք չէ, որ ներկայ ժամանակաշրջանը ԵՍ-ի տիրապետութեան շրջանն է եւ իւրաքանչիւր մարդ կ՚առաջնորդուի ու կը գործէ՝ մեկնելով իր եսէն, իր շահէն, իր բարօրութենէն:

Բնական է, որ իւրաքանչիւր ոք ինքն իր մասին, իր բարօրութեան, իր յաջողութեան մասին մտածէ եւ ըստ այնմ գործէ, բայց այդ բոլորը պէտք է յստակ սահմաններ ունենան եւ պէտք չէ անդրանցնին այդ սահմանները, որովհետեւ այդպիսով արդէն այդ մտածումն ու գործը վնաս կը պատճառէ մեր նմաններուն:

Մենք ստեղծուած ենք Աստուծոյ պատկերով ու նմանութեամբ եւ կոչուած ենք մեր Արարիչին նմանելու: Մեր Տէրը կարիք չունէր այս ամբողջ տիեզերքն ու մարդը ստեղծելու, բայց Իր սէրէն դրդուած կատարեց այս սքանչելի արարչագործութիւնը, որպէսզի Իր բարութիւնն ու սէրը բաժնեկցի մեզի հետ, մեզ եւս արժանի ընէ Իր կատարեալ սիրոյն ու բարութեան: Արդարեւ, մենք եւս կոչուած ենք մեր նմաններուն մասին մտածելու, հոգալու եւ ուշադիր ըլլալու անոնց հանդէպ:

Անդին, եթէ կ՚ուզենք մենք մեր մասին մտածել, ապա առաջինը պէտք է մտածենք Աննայի աղօթքին մէջ հնչած այս բառերուն մասին, թէ՝ «մի՛ պարծենաք եւ ամբարտաւան բաներ մի՛ խօսիք, մեծախօսութիւն թող չլսուի ձեր բերանէն, որովհետեւ Աստուած իմացութիւններու Տէրն է եւ Ան կը պատրաստէ Իր զարմանահրաշ գործերը», որով խոնարհութիւն եւ պարզութիւն ձեռք կը բերենք մէկ կողմէ, մեր կամքը կը խոնարհեցնենք Աստուծոյ դիմաց, իսկ միւս կողմէ մենք մեզ կը տրամադրենք Աստուծոյ, որպէսզի մեր միջոցով կատարէ Իր զարմանահրաշ գործերը:

Միշտ պէտք է յիշենք ու գիտակցինք, որ մենք միայն մենք մեզի համար չկանք, այլ նախ եւ առաջ կանք Աստուծոյ համար եւ ապա մեր նմանին համար, հետեւաբար ինչ գործ որ կը ձեռնարկենք, ինչ մտածում որ կ՚ունենանք, պէտք է այս կէտը սկիզբը ըլլայ, որպէսզի Աստուծմով եւ մեր նմաններով հարստացած կարենանք զերծ ու հեռու մնալ եսասիրութեան ու եսապաշտութեան ախտէն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Փետրուար 24, 2026