ՃԻՇԴ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ ԿԱՏԱՐԵՆՔ
Քրիստոնեաները իւրայատուկ են անով, որ իրենց վրայ կը կրեն իրեն Արարիչին ու Փրկիչին՝ Քրիստոսի անունը:
Շատեր կը գիտակցին այս բացարձակ ճշմարտութեան եւ կը փորձեն իրենց կեանքը անուշահոտ պատարագ մը ընել իրենց Փրկիչին: Ուրիշներ, թէեւ կը գիտակցին, բայց որոշ պարագաներու եւ պայմաններու բերումով կը տկարանան, կը սայթաքին որով իրենց կրած անունին անարժան գործեր ու վերաբերմունք կը ցուցաբերեն: Իսկ ոմանք ալ իրենց կեանքով ու ապրելակերպով կը դրժեն այս փաստը եւ սանձարձակութիւններու եւ անբարոյութիւններու գիրկն իյնալով, կ՚անարգեն իրենց տրուած պատիւը եւ կ՚ապրին անբան անասուններու նման:
Մարդուն տրուած է ազատութիւն ընտրութիւն կատարելու իր կեանքը կողմնորոշելուն մէջ: Մարդ, սակայն, ընտրութիւն կատարելու պարագային, պէտք է գիտակցի ու համոզուած ըլլայ, որ ինք իր այդ ընտրութեան հետեւանքները՝ բարի կամ չար, պիտի կրէ: Միքիայի մարգարէութեան մէջ կը կարդանք. «Թող բոլոր ժողովուրդներէն իւրաքանչիւրը իր ճանապարհով երթայ [իր չաստուածները պաշտէ], սակայն մենք մշտապէս մեր Տէր Աստուծոյ անունով պիտի երթանք» (Մք 4.5): Սուրբ Կիւրեղ Մեծը այսպէս կը բացատրէ այս համարը. «Անոնք, որոնք կը ձգտին Տիրոջ լեռը բարձրանալ ու կը փափաքին Անոր ճամբաները սորվիլ, կը խոստանան պատրաստուիլ հնազանդութեան, որով իրենց մէջ կը ստանան Քրիստոսով ապրուած կեանքի փառքերը ու իրենց ամբողջ զօրութեամբ կը խոստանան նախանձախնդիր ըլլալ իւրաքանչիւր սրբութեան մէջ: Կ՚ըսէ. “Իւրաքանչիւր երկրի ու քաղաքի մէջ թող իւրաքանչիւրը քալէ իր ընտրած ճանապարհով ու երկրպագէ այնպէս, ինչպէս իրեն լաւ կը թուի: Բայց մեր ուշադրութեան կեդրոնը Քրիստոսն է, եւ մենք Անոր օրէնքը կը դարձնենք ուղիղ ճամբայ՝ քալելով Անոր հետ ո՛չ միայն այս ներկայ կեանքին կամ անցեալի կեանքին մէջ, այլեւ յետագային գալիք աւելի մեծ կեանքին մէջ”: Ասիկա ճշմարիտ յայտարարութիւն է. “Անոնք, որոնք կը տառապին Անոր հետ, յաւիտեան կը քալեն Անոր հետ, Անոր հետ կը փառաւորուին եւ Անոր հետ կը թագաւորեն” (տե՛ս Բ. Տմ 2.11-12: Հռ 8.17): Բայց անոնք, որոնք կը սիրեն զԻնք ամէն ինչէ վեր, որոնք զՔրիստոս կը դարձնեն իրենց ուշադրութեան կեդրոնը, կը դադրին շեղելէ այս աշխարհի ունայնութիւններէն ու փոխարէնը, կը փնտռեն արդարութիւն եւ այն՝ ինչ որ հաճելի է Անոր, ձգտելով գերազանց ըլլալ առաքինութեան մէջ: Պօղոսը անոնցմէ մէկն էր, որովհետեւ գրած է. “Քրիստոսի հետ խաչուեցայ, այլեւս ես չէ՛ որ կ՚ապրիմ, այլ՝ Քրիստոս է, որ մէջս կ՚ապրի” (տե՛ս Գղ 2.19-20): Եւ նաեւ. “Որովհետեւ միտքիս մէջ չեմ դրած ձեր մէջ իմանալ ուրիշ բան, եթէ ոչ՝ միայն Յիսուս Քրիստոսը, նոյնինքն՝ Խաչուածը” (Ա. Կր 2.2)»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ