ՈՂՋՄՏՈՒԹԵԱՆ ՁԱՅՆ
Ողջամիտ եւ խոհեմ մարդը միշտ զգոյշ է. ինքզինք կը քննէ, նախ կը խորհի եւ յետոյ կը խօսի եւ կը գործէ. անոր խօսքը եւ գործը բարի է եւ օգտակար, իմաստալից եւ բովանդակալից։ Ան կ՚աղօթէ, որ իր խորհուրդները, խօսքերը եւ գործերը իմաստութեամբ լեցուն ըլլան։
Ողջամիտ եւ խոհեմ մարդը սապէս կ՚աղօթէ.
«Ո՛վ Տէր, օգնէ՛ ինծի որ ճշմարտութիւնը ըսելու քաջութիւնը ունենամ ինձմէ աւելի զօրաւորներուն դէ՛մ. օգնէ՛ նաեւ որ տկարներու ծափահարութիւնը շահելու եւ անոնց հաճելի երեւելու համար սուտ չխօսիմ։
«Ո՛վ Տէր, եթէ ինծի հարստութիւն տաս, երջանկութիւնս մի՛ առներ, եթէ ինծի ուժ եւ կարողութիւն տաս, խելքս մի՛ առներ, եթէ ինծի յաջողութիւն տաս, համեստութիւնս մի՛ առներ, եւ եթէ ինծի համեստութիւնս տաս, արժանապատուութիւնս մի՛ առներ։
«Ո՛վ Տէր, զիս ոչխարներ մորթող մի՛ դարձներ, ոչ ալ ոչխար մը դարձուր՝ որ ուրիշներէ մորթուիմ։
«Ո՛վ Տէր, օգնէ՛ որ պատկերին միւս կողմն ալ տեսնեմ, իմաստութեամբ գործեմ եւ մի՛ ձգեր որ այպանեմ հակառակորդներս, որովհետեւ ինձմէ տարբեր կարծիք ունին։
«Ո՛վ Տէր, համբերութեան եւ հանդուրժողութեան առաքինութիւններով զօրացուր զիս։
«Ո՛վ Տէր, օգնէ որ սիրեմ մարդիկը առանց խտրութեան՝ ինչպէս որ անձս կը սիրեմ, եւ իմ անձէս հաշիւ պահանջեմ՝ ինչպէս որ ուրիշներէ կը պահանջեմ։ Արդարութիւնը թո՛ղ միակ ուղիս ըլլայ։
«Ո՛վ Տէր, մի՛ արտօներ որ հպարտանամ եթէ յաջողիմ, ոչ ալ յուսահատիմ եթէ ձախողիմ, հապա՛ յիշեցուր ինծի որ ձախողութիւններս՝ յաջողութիւններս առաջնորդող փորձառութիւններ են։
«Իմաստութիւն տո՛ւր որ սխալներէս դասեր քաղեմ եւ սրբագրեմ բոլոր սխալներս։
«Ո՛վ Տէր, սորվեցո՛ւր ինծի որ ներողամտութիւնը ուժի եւ զօրութեան ամենաբարձր աստիճա՛նն է, իսկ ոխակալութիւնը եւ վրէժխնդրութիւնը՝ տկարութեան եւ անկարողութեան առաջին արտայայտութիւնը։
«Ո՛վ Տէր, եթէ զիս առանց դրամի ձգես, ձգէ՛ ինծի յոյսը։ Եթէ զիս առանց յաջողութեան ձգես, ձգէ՛ ինծի յամառութիւնը, հաստատակամութինը՝ որ յաղթահարեմ ձախողութիւնս։ Եթէ անկում կրեմ՝ ուժ տուր որ վերականգնելու քաջութիւնը ունենամ եւ չկորսնցնեմ ոգեւորութիւնս։ Եթէ զիս առողջութենէ զրկես, ձգէ՛ ինծի հաւատքի շնորհքը։
«Ո՛վ Տէր, եթէ ուրիշները նեղացնեմ եւ վշտացնեմ, տո՛ւր ինծի քաջութիւնը ներողութիւն խնդրելու. իսկ եթէ ուրիշներ զիս ցաւցնեն կամ վշտացնեն, տո՛ւր ինծի քաջութիւնը ներելո՛ւ։
«Ո՛վ Տէր, նոյնիսկ եթէ Քեզի մոռնամ, Դո՛ւն զիս երբեք մի՛ մոռնար»։
Սիրելի՜ բարեկամներ՝ ունի՞ք քաջութիւնը այսպէս աղօթելու, ողջամտութեան արդար ձայնը բարձրացնելու…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 24, 2025, Իսթանպուլ