Հինգշաբթի 25, Դեկտեմբեր 2025
ԼԱՏԻՆ ԿԱԹՈԼԻԿՆԵՐՈՒ ՎԻՃԱԿԱՒԱՈՐԸ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ Ս. ԾՆՈՒՆԴԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ
Քրիստոնեայ աշխարհը արդէն սկսած է նշել Սուրբ Ծնունդը։ Երէկ երեկոյեան, քաղաքիս Լատին կաթոլիկներու վիճակաւոր Մասսիմիլիանօ Փալինուրօ արքեպիսկոպոսը պատարագեց Շիշլիի Լուրտի Ս. Աստուածածին վրացական եկեղեցւոյ մէջ։ Յանուն Պատրիարքական Աթոռին արարողութեան մասնակցեցաւ Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան, որ Փալինուրօ արքեպիսկոպոսին շնորհաւորութիններ ու բարեմաղթանքներ յղեց՝ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի կողմէ։
Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2025