Հինգշաբթի 25, Դեկտեմբեր 2025
ԱՆԱՐԳԱՆՔՆԵՐՈՒ ԴԷՄ ԲՈՂՈՔ
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութենէն Տ. Կորիւն Եպսկ. Պաղտասարեան այցելեց Իսրայէլի սփիւռքի նախարար Ամիխայ Շիկլիին։ Նորին Սրբազնութեան ընկերացաւ Սուրբ Աթոռի դիւանապետ Տ. Աղան Վրդ. Գոգճեան։ Ան զրոյցի ընթացքին անդրադարձաւ հրեայ ծայրայեղականներու կողմէ քրիստոնեաներու դէմ դրսեւորուած անարգալից վերաբերմունքին։
Ըստ հայոց վանքէն հրապարակուած հաղորդագրութեան՝ Շիկլի վստահեցուց, թէ նախարարութիւնը ամէն ջանք պիտի գործադրէ՝ այդօրինակ երեւոյթները կանխելու համար։
Երուսաղէմի մէջ հրեայ ծայրայեղականներ կը թքեն քրիստոնեայ հոգեւորականներու վրայ։
Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2025