Հինգշաբթի 25, Դեկտեմբեր 2025
ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այսօր կը նշէ Ս. Ստեփանոս Նախավկայի յիշատակութեան տօնը։ Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ նախատօնակի արարողութիւն՝ հանդիսապետութեամբ Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեանի, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Հանդիսադիր հայր սուրբին կողքին էին՝ Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան, Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան, Տ. Զօհրապ Աւ. Քհնյ. Ճիվանեան եւ Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։ Արարողութեան աւարտին թափօրը եկեղեցիէն դուրս եկաւ «Ստեփանոս քաղցրիկ տատրակ» շարականի երգեցողութեամբ։
Հուսկ, եկեղեցւոյ խորհրդարանին մէջ կատարուեցաւ պատուասիրութիւն։
Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2025