ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, իշխանութիւն-եկեղեցի առկայ մաշեցուցիչ լարուածութեան մթնոլորտին մէջ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէ ներս հերթական անգամ գումարուեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ժողով՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ։ Ժողովի աւարտին ԳՀԽ հանդէս եկաւ հետեւեալ յայտարարութեամբ։

*

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը խոր մտահոգութիւն կ՚արտայայտէ Տ. Բագրատ Արք. Գալստանեանի եւ իր համախոհներու դէմ այսօր իրաւապահ մարմիններու ձեռնարկած գործողութիւններուն եւ անոնց մեղսագրուած ծանր մեղադրանքներուն կապակցութեամբ։

Իրաւական գործընթացի նկատմամբ վստահութիւն չի ներշնչեր այն հանգամանքը, թէ սկիզբէն իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը եւ իշխող կուսակցութեան զանազան ներկայացուցիչներ ակնյայտ քաղաքական նկատառումներով, տարաբնոյթ հրապարակումներու միջոցաւ կը փորձեն ուղղորդել իրաւապահ մարմինները։

Դատապարտելի է նաեւ յիշեալ գործընթացը եկեղեցւոյ հետ արհեստականօրէն կապակցելու եւ Մայր Աթոռի անունը շահարկելու դիտաւորութիւնը, ինչ որ ամբողջութեամբ կը տեղաւորուի իշխանութիւններու նախաձեռնած հակաեկեղեցական արշաւի համատեսքին մէջ։

Մայր Աթոռը օրինական բոլոր միջոցներով հետամուտ պիտի ըլլայ գործի արդարացի ընթացքին եւ պետական մարմիններուն կը յորդորէ չտրուիլ քաղաքական շահարկումներու, առաջնորդուիլ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան եւ օրէնքներու պահանջներով՝ յարգելով անմեղութեան կանխավարկածի սկզբունքը։

Հինգշաբթի, Յունիս 26, 2025