ՍԵՐՏ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ ընդունուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի կողմէ։ Իշխանութիւն-եկեղեցի առկայ տագնապալի պայմաններուն ներքեւ նախագահ Տէր-Պետրոսեան միջոց մը առաջ Վեհափառ Հայրապետին զօրակցելու համար այցելած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Երէկ ալ Նորին Սրբութիւնը փոխադարձ այցելութիւն մը տուաւ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի առանձնատունը։ Տէր-Պետրոսեանի եւ Վեհափառ Հայրապետի սերտ շփումը առանձնայատուկ ուշադրութեան կ՚արժանանայ առկայ լարուածութեան պայմաններուն ներքեւ։ Երէկուան զրոյցը տեւած է շուրջ ժամ մը։

Նախագահ Տէր-Պետրոսեանի գրասենեակը հանդիպման կապակցութեամբ հրապարակեց կարճ հաղորդագրութիւն մը, որու մէջ նշուած է հետեւեալը. «Բացի Հայաստանի ներկայ իրավիճակի գնահատականէն, անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Սամուէլ Կարապետեանի դէմ Փաշինեանի կողմէ սանձազերծուած հաշուեյարդարին, որու պատճառն է եկեղեցւոյ դէմ իշխանութիւններու յայտարարած պատերազմի համատեսքէն ներս անոր կատարած հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Եթէ քաղաքական գործիչները չյաջողին, մենք ալ մեր ձեւով պիտի մասնակցինք այդ ամէն ինչին»։ Խօսքը, որ ոչ այլ ինչ է, եթէ ոչ սովորական քաղաքական յայտարարութիւն. բան մը, որու իրաւունքը ան ունի՝ որպէս Հայաստանի քաղաքացի»։

Ըստ նոյն աղբիւրին՝ Տէր-Պետրոսեանի գնահատմամբ՝ Փաշինեան պարտութեան մարմնաւորում մըն է եւ պիտի պարտուի նաեւ եկեղեցւոյ դէմ յայտարարած պատերազմին։

Վեհափառ Հայրապետի եւ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի զրոյցը զուգադիպեցաւ նաեւ այն օրուան, երբ ընդդիմադիր «Սրբազան շարժում»ի ղեկավար Տ. Բագրատ Արք. Գալստանեան երէկ ձերբակալուեցաւ եւ բանտարկուեցաւ՝ բռնութեամբ իշխանափոխութիւն ապահովել փորձելու մեղադրանքով։

Հինգշաբթի, Յունիս 26, 2025