Ուրբաթ 26, Դեկտեմբեր 2025
ՆԱԽԱՄԱՐՏԻՐՈՍԻ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒՄ
Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Ս. Ստեփանոս Նախավկայի յիշատակութեան օրը։ Մայր Տաճարին մէջ պատարագեց եւ քարոզեց «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի տնօրէն Տ. Վահան Եպիսկոպոս Յովհաննիսեան, որ կատարեց նաեւ սարկաւագի ձեռնադրութիւն։ Նորին Սրբազնութեան ձեռամբ տասներկու տիրացու ստացաւ սարկաւագի աստիճան։
Տ. Վահան Եպիսկոպոս Յովհաննիսեան քարոզին մէջ անդրադարձաւ Ս. Ստեփանոսին՝ որպէս ներողամտութեան կերպար։ «Ներողամտութիւնը տկարութիւն կամ թուլութիւն չէ, այլ քաջութիւն է։ Միայն քաջերը կրնան զիրենք հալածողներուն համար աղօթել», ըսաւ ան։
Միւս կողմէ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ալ օրուան տօնին առթիւ մէկտեղուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի սարկաւագաց դասուն հետ։
Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 26, 2025