Չորեքշաբթի 29, Յունուար 2025
ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ
Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Հայաստանի Բանակի օրուան առթիւ կատարուեցաւ Հանրապետական մաղթանք, որուն հանդիսապետեց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։ Միածնաէջ Մայր Տաճարին մէջ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագը մատոյց զինեալ ուժերու հոգեւոր առաջնորդ Տ. Մովսէս Վրդ. Սարգսեան, որ խօսեցաւ նաեւ օրուան քարոզը։
Յաւարտ Ս. Պատարագի, Վեհափառ Հայրապետն ու հոգեւորականաց դասը Հանրապետական մաղթանքի ընթացքին առ Աստուած աղօթք բարձրացուցին, որպէսզի Տէրը խաղաղ ու անվտանգ ծառայութիւն շնորհէ զինուորներուն եւ սպաներուն, անսասան պահէ Հայաստանի սահմանները եւ խնամքին առարկայ դարձնէ համայն հայ ժողովուրդը։
Երկուշաբթի, Յունուար 27, 2025