ԱՍՏՈՒԱԾ ՆԵՐՈՂ ՀԱՅՐ Է
Մարդ երբ մեղանչէ, սխալի, սայթաքի ու ապա գիտակցի իր գործածներուն՝ կը զղջայ, կը խոստովանի եւ ներողութիւն կը խնդրէ: Երբեմն մարդիկ ծանր սխալներ ու մեղքեր կը գործեն, կը գիտակցին, բայց եւ այնպէս, կը վախնան զղջալէ ու ներողութիւն խնդրելէ, ներքին համոզում մը ունենալով, թէ Աստուած պիտի չներէ զիրենք:
Այս խումբին պատկանող մարդիկ երբեմն նոյնիսկ Աստուածաշունչէն համարներ կը մէջբերեն, ուր յստակ կերպով նշուած է, մեղաւորները պիտի չներուին, թէ Աստուծոյ առջեւ ո՛չ մէկը պիտի արդարանայ, եւ այլն: Այդ համարներէն մէկն է օրինակ Յոբ Երանելիին հետեւեալ բառերը. «Ինչպէ՞ս կրնայ մարդ արդար ըլլալ Աստուծոյ առջեւ» (Յոբ 9.2): Նման մօտեցումը, սակայն, թերի է, որովհետեւ այստեղ կը բացակայի Աստուծոյ սիրող Հայր մը ըլլալու հանգամանքը եւ միայն վերցուած է Աստուծոյ Դատաւոր ըլլալու հանգամանքը: Ճի՛շդ է, որ Աստուած եթէ արդարութեամբ դատէ, ապա ո՛չ ոք պիտի արդարանայ: Բայց միւս կողմէ կը մոռնանք, թէ նոյն Աստուածն է, որ մեր փրկութեան համար յանձն առաւ մարդանալ, չարչարուիլ ու խաչուիլ…:
Սուրբ Մակար Մեծ խօսելով Աստուծոյ մեր փրկութեան համար կատարածին մասին, կը գրէ. «Ենթադրենք, որ թագաւոր մը աղքատ, խեղճ եւ բորոտութեամբ ծածկուած մարդ մը կը գտնէ եւ առանց ամչնալու անկէ, կը խոնարհի եւ անոր վէրքերը կը դարմանէ, խոցերը կը բուժէ, իր պալատը կը տանի, թագաւորական խրախճանքին սեղանակից կը դարձնէ, ծիրանի կը հագցնէ եւ թագաւոր կը կարգէ զայն: Ասիկա բարեգութ ա՛յն վերաբերումն է, ինչ որ Աստուած ըրաւ մարդկային ցեղին: Ան մարդոց վէրքերը լուաց ու բժշկեց եւ զիրենք դէպի Իր երկնաւոր բնակարանները բերաւ: Ի՜նչ մեծ է քրիստոեաներուն արժանապատուութիւնը, որ ուրիշ ոչ մէկ բանի հետ կրնայ բաղդատուիլ: Բայց եթէ քրիստոնեան գոռոզանայ եւ թոյլ տայ, որ մեղքը գողնայ զինք, այն ատեն կը վերածուի պարիսպ չունեցող քաղաքի մը, ուր գողերը ամէն կողմէ ազատ-համարձակ մուտք գործելով՝ կը թալանեն, կը քանդեն, կը փճացնեն ու կ՚այրեն զինք: Այս պատճառով ալ եթէ շատ թեթեւութեամբ կը մօտենաս հարցերուն եւ չես հսկեր հոգիիդ, չարին հոգիները կու գան, խաւարով կը պատեն միտքդ, կը քանդեն ներաշխարհդ եւ աշխարհիկ մտահոգութիւններու եւ վաղանցիկ երեւոյթներու միջոցաւ կը ցրուեն մտածումներդ»:
Յարգը գիտնանք մեր արժանապատուութեան, չգոռոզանանք եւ մենք մեզ չխաբենք՝ ըսելով, թէ Աստուած չի՛ ներեր մեզի: Երբ այդպէս մտածենք, բնականաբար Աստուած չի՛ ներեր մեզի, բայց երբ ծունկի գանք Անոր դիմաց եւ զղջանք մեր գործած մեղքերը, ապա արեան պէս կարմիր ու որդան կարմիր ըլլան, ապա Աստուած ձիւնի պէս պիտի ճերմկցնէ ու բուրդի նման սպիտակեցնէ (տե՛ս Ես 1.18):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
26 փետրուար 2026, Վաղարշապատ