ԵԿԵՂԵՑԱՀԱԼԱԾ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի մէջ իշխանութիւններու կողմէ եկեղեցւոյ դէմ ձեռնարկուած արշաւը հասաւ անհաւատալի համեմատութիւններու։ Երէկ, իշխանութիւններու կողմէ հետապնդուած ակնյայտ քաղաքական յետին նպատակներու մթնոլորտին մէջ, Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) եւ ոստիկանութեան ներկայացուցիչները ներխուժեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն ցոլացած դրուագները իսկապէս ծանր էին եւ անոնց հետ դժուար թէ հաշտուի որեւէ հայ մարդ՝ անկախ ամէն տեսակ պատճառէ կամ հիմնաւորումէ։ Իշխանութիւններու հակաեկեղեցական արշաւը այնպիսի կէտի մը հասած է, որ սկիզբին մարդիկ եթէ նոյնիսկ պահ մը ականջ կու տային իշխանաւորներու խօսքին, ապա այժմ անոնց խօսքի արժէքը կորսուած է ամբողջութեամբ։ Արդարեւ, իրադարձութիւններէն բոլորովին անտեղեակ մարդիկ՝ ի տես երէկուան դրուագներուն, կրնան ամենայն հանգստութեամբ այնպէս տպաւորուիլ, թէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը բռնագրաւուած է, բռնազաւթուած է, ինչ որ կ՚արիւնէ հայ ժողովուրդին խիղճը։ Հայութիւնը դարեր շարունակ ազգային ինքնութիւն պահելու պայքար մղած է, կամք ցուցաբերած է՝ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարը պահելով մտքին ու սրտին մէջ եւ աչքին առջեւ։ Այժմ այդ նուիրական վայրէն հասած պատկերը անընդունելի է եւ պոռթկումի դուռ կը բանայ։ Այս պոռթկումի բուն պատճառը այն չէ, որ եկեղեցին կատարեալ է կամ իշխանութիւնը վատ է։ Ողբերգականը այն է, որ Հայաստանի այժմու ղեկավարութիւնը տուն տուած է այնպիսի անխուսափելի տպաւորութեան մը, թէ ի՛նչ իրավիճակի մէջ, ինչպիսի ընթացք որդեգրելը շուարած է։

Ակնյայտ քաղաքական պատուէրով՝ Հայաստանի մէջ երէկ ձերբակալուեցաւ Շիրակի թեմի առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեան։ Աւելորդ է ըսել, որ այս գործընթացը անաչառութեան տեսակէտէ որեւէ յոյս չի ներշնչեր։ Արեւմտամէտ հովեր ստացած, ժողովրդավարութեան դիրքերէ հանդէս գալու հետամուտ իշխանութիւնը կ՚ոտնահարէ խղճի ազատութիւնը՝ ո՛չ միայն իր երկրի, այլեւ աշխարհի տասնեակ երկիրներու քաղաքացիներու, որովհետեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոնն է։ 

Ամբողջ հայութիւնը ափսոսանքով ու խոր մտահոգութեամբ կը հետեւի իրադարձութիւններուն, որովհետեւ ակնյայտ է, որ եկեղեցահալած քաղաքականութիւնը պիտի ահագնանայ։ Այս պահուն փաստ է, որ աշխարհացրիւ հայութիւնը հոգեւոր անվերապահ զօրակցութեան եւ աղօթակցութեան մէջ է՝ իր Ընդհանրական Հայրապետին՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետ, որու աղօթքը, օծեալ աջի հզօրութեան նկատմամբ հաւատը աշխարհի չորս ծագերուն բոլորի բարոյական ապաւէնն է երկրաւոր կեանքի ընթացքին։

Շաբաթ, Յունիս 28, 2025