ԱՂՕԹՔԻ, ՈՒԽՏԻ ՎԱՅՐ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ նշեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տաղաւարի արարողութիւնները տեղի ունեցան՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր հովանաւորութեամբ։ Այս տարի Վարդավառը բնորոշուեցաւ Մայր Տաճարի հանդիպակաց կառուցուած մոմավառութեան սրահի եւ կաթողիկոսական դամբարաններու համալիրի պաշտօնական բացման արարողութեամբ պայմանաւորուած ուրախութեամբ։ Արդարեւ, մոմավառութեան աղօթասրահը կը կառուցուէր երկար ժամանակէ ի վեր ու եկաւ համալրել շարքը այն կառոյցներուն, որոնք Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան շրջանին համալրեցին Մայրավանքի տարածքը՝ անոր նուիրական ու կրօնաբոյր մթնոլորտին տալով նոր խորք մը։ Սա աղօթք եւ ուխտի հարթակ մըն է, որ երկինք խոյացած է՝ որպէս հոյակերտ կոթող մը, հաւատացեալներու եւ Տիրոջ հաղորդակցութեան համար ապահովելով խնկաբոյր նոր միջավայր մը։
Մոմավառութեան աղօթասրահը կառուցուած է ազգային բարերար Եագուպեան երախտաշատ ընտանիքի նուիրատուութեամբ։ Ծրագրի սկիզբին հոգելոյս Գառնիկ Եագուպեանի կողմէ յանձն առնուած հովանաւորութեան իրմէ վերջ հաւատարիմ մնացած է այրին՝ Անահիտ Չաթալպաշեան-Եագուպեան։ Ճարտարապետներն են՝ Ասլան Մխիթարեան եւ Հայկ Մկրտչեան։ Շինարարութիւնը իրականացուցած է «Հորիզոն 95» ընկերութիւնը։
Երէկ առաւօտ, Նորին Սրբութիւնը հայրապետական ծանրաշուք թափօրով առաջնորդուեցաւ դէպի նորակառոյց այս համալիրը։ Ան հայրապետական լրիւ հանդերձանքի մէջ էր՝ առընթերակայութեամբ Գանատայի թեմի առաջնորդ Տ. Աբգար Եպսկ. Յովակիմեանի եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեանի։ Շարականներու եւ սաղմոսերգութեան ներքեւ, ջուրով եւ գինիով լուացուեցան աղօթասրահի երկու մատուռներու սուրբ սեղանները։ Վեհափառ Հայրապետը զանոնք օծեց Սրբալոյս Միւռոնով եւ անուանակոչեց հայոց առաջին լուսաւորիչներուն՝ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթուղիմէոս առաքեալներու անուններով։ Մատուռներուն մէջ զետեղուեցան նաեւ առաքեալներու մասունքները։
Բացման արարողութեան աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ՝ ազգային բարերար լուսահոգի Գառնիկ Եագուպեանի, Յակոբեան եւ Չաթալպաշեան գերդաստանաց ննջեցեալներու հոգւոյ խաղաղութեան համար։ Իր պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը մաղթեց, որ տէրունաշնորհ հաւատքի լոյսը մշտավառ ըլլայ հայ ժողովուրդի հոգիին մէջ։ «Այս կառոյցը, արդարեւ, սոսկ քարեղէն շինուածք մը չէ, այն աղօթքի տուն մըն է, հաւատացեալներու ապաւինութեան վայր՝ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթուղիմէոս առաքեալներու մատուռներով, ուր պաշտամունքային արարողութիւններ տեղի պիտի ունենան եւ հաւատացեալները Տիրոջ պիտի վերառաքեն իրենց սրտառուչ հայցն ու աղօթքը», ըսաւ ան՝ ընդգծելով, որ մեր օրերուն տարբեր գաղափարախօսութիւններով կը խաթարուի մեր արժեհամակարգը։ «Եկեղեցական շինութիւնները, սրբավայրերն ու ուխտատեղիները հոգեւոր փրկութեան եւ Աստուածահաճոյ կեանքի ամրապնդման օրհնաբեր օճախներ են՝ իրենց կրօնական եւ ծիսական կարեւոր նշանակութեամբ», ըսաւ ան։
Անդրադառնալով կաթողիկոսական դամբարաններուն՝ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Սիրելիներ, սա պիտի ըլլայ ամփոփավայրը մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ ննջեցեալ հովուապետներու, որոնց կեանքը եղած է ամբողջանուիրում Աստուծոյ, ազգին ու հայրենիքին։ Դամբարանը յաջորդ սերունդներուն իւրովի պիտի յիշեցնէ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսներու հոգեխնամ առաքելութիւնը, որով բարեզարդուած ու ծաղկած է համայն մեր ժողովուրդի ազգային եւ եկեղեցական անդաստանը։ Մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ երջանկայիշատակ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսներու ծառայութիւնները լի եղած է զոհողութեամբ, քրիստոսապատգամ սիրոյ, արդարութեան եւ ճշմարտութեան քարոզչութեամբ, բայց նաեւ հայրական յորդորով ու քաջալերութեամբ՝ ապրելու եւ արարելու առ Աստուած հաւատով յանուն ազգի եւ հայրենեաց», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։ Բաց աստի, ան աւելցուց, որ երանաշնորհ հայրապետները ամբողջ գործունէութեան ընթացքին եղած են հաւատքի քաջ վկաներ, մութ ու խաւար ժամանակներու մէջ յոյսի լուսատուներ, եւս առաւել արիութեան ու հաստատակումութեան օրինակ հայ ժողովուրդի համար՝ դժուարութիւններն ու նեղութիւնները յաղթահարելու եւ նորանոր յաջողութիւններ արձանագրելու ճանապարհին։
Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը մաղթեց, որ պայծառակերպեալ Յիսուսի լոյսով թող խաղաղ մնայ հայոց աշխարհը, անյաղթահարելի հայոց պետութիւնը եւ անսասան՝ Հայոց Եկեղեցին՝ Սուրբ Էջմիածնի Հայրապետական Աստուածահաստատ իր Աթոռով եւ համերաշխ ու արժանապատիւ ամբողջ հայ ժողովուրդը ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի։
Արարողութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը Անահիտ Չաթալպաշեան-Եագուպեանին շնորհեց «Սուրբ Էջմիածին» բարձրագոյն շքանշանը, իսկ որդին՝ Արամ Եագուպեանը պարգեւատրեց «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» պատուոյ բարձրագոյն շքանշանով։
Այս արարողութենէն վերջ, բոլորը Մայր Տաճարի մէջ ներկայ գտնուեցան Պայծառակերպութեան տօնի Ս. Պատարագին, զոր մատոյց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան՝ հանդիսապետութեամբ Վեհափառ Հայրապետի։ «Թող արեւները լուսաւորեն համազգային մեր կեանքի մթին խորշերը, թող պատերազմի կորուստներէն ու ցաւերէն բեկուած մեր ժողովուրդը ամրանայ յոյսով ու հաւատքով, թող արժանապատուութիւնն ու պատուախնդրութիւնը ոռոգեն մեր յաղթական ճանապարհը եւ թող Տիրոջ արդար ձեռքը ծանրանայ անոնց վրայ, որոնք կը մարտնչեն Աստուծոյ եւ անոր Սուրբ Եկեղեցիին դէմ, թող ծանրանայ անոնց վրայ որոնք կը հարուածեն հիմքերը հայոց պետութեան եւ կը փորձեն ոչնչացնել հայոց ինքնութիւնը։ Թող անոնց դաժան վախճանը նախազգուշացում դառնայ սերունդներուն, որպէսզի ոչ ոք այլեւս յանդգնի խաւարի գործերով կործանել այն, ինչ որ Աստուած օրհնած է ինքը», ըսաւ օրուան քարոզին մէջ պատարագիչ սրբազանը։