ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

Երէկ, Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ տարւոյն վերջին Ս. Պատարագը՝ ձեռամբ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի, որ տուաւ նաեւ օրուան քարոզը։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ասողիկ դպրաց դասուն կողմէ։

Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ նռօրհնէք։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2025