ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ԴՐՈՒԹԵԱՄԲ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԷՆ ԿԸ ՇՈՂԱՅ ԲԻՒՐ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԼՈՅՍԸ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը ներկայ տարեմուտի դրութեամբ հերթական անգամ առարկայ կը դառնայ համայն աշխարհի հայութեան անմիջական ուշադրութեան։ Արդարեւ, այս տարեմուտին ալ Սուրբ Էջմիածնէն կը շողայ բիւր օրհնութիւններու լոյսը՝ որու առթած յոյսով հայ քրիստոնեայ հաւատացեալները կը պատրաստուին Սուրբ Ծննդեան տօնին եւ տաղաւարի աւետիսով զիրար ողջունելու։
Ամանորի կէսգիշերին, մայրավանքի համալիրէն ներս հաւատացեալերու հոծ բազմութիւն մը հաւաքուած էր։ Բոլորը համակուած էին Աստուծոյ ապաւինութեան զգացողութեամբ՝ մինչ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի զանգերու ղօղանջը ազդարարեց տարեմուտը։ Մայր Տաճարի սրբազան կամարներուն ներքեւ տեղի ունեցաւ ժամերգութիւն եւ Հայրապետական մաղթանք։ Աւելի վերջ, եկեղեցականաց թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Ս. Տրդատի բաց խորանը։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Ս. Տրդատի բաց խորանին առջեւ տեղի ունեցաւ աւանդական նռօրհնէք։ Օրհնուած նուռերը բաժնուեցան ներկայ հաւատացեալներուն, որոնք թարմ լաւատեսութեամբ եւ նոր յոյսերով համակուած ստացան նաեւ Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը։ Ամանորի գիշերը, ինչպէս Հայաստանի գրեթէ ամբողջ տարածքը, այնպէս ալ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը ձիւնածածկ էր։ Սպիտակ քօղը կարծես տարբեր խորք մը տուաւ հոգեպարար արարողութիւններուն։