Հինգշաբթի 17, Յուլիս 2025
ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԱԼԹԱՅԻ ԴԵՍՊԱՆԸ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի մօտ Մալթայի դեսպան Տոմինկօ Արտուինին։ Վեհափառ Հայրապետը զրոյցի ընթացքին գոհունակութիւն յայտնեց Հայաստանէ ներս Մալթայի կողմէ ձեռնարկուած մարդիսարական առաքելութեան կապակցութեամբ։ Նորին Սրբութիւնը յատկապէս այս ծանր ու դժուարին օրերուն կարեւորեց միջազգային կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու աջակցութիւնը եւ զօրակցութիւնը՝ ի նպաստ հայ ժողովուրդին։
Իր հերթին, դեսպան Արտուինի Վեհափառ Հայրապետին տեղեկացուց, որ Մալթա կը նախատեսէ ընդլայնել Հայաստանէ ներս գործունէութիւնը՝ ծրագրեր իրականացնելով նաեւ ընկերային աջակցութեան հարթութեան վրայ։
Բաց աստի, այդ նախաձեռնութիւնները պիտի ընդգրկեն նաեւ կրթական եւ տնտեսական բնագաւառները։
Հինգշաբթի, Յուլիս 3, 2025