ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆԸ ԹԱՓԱՆՑԻԿՈՒԹԵԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔԻՆ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԿԸ ՄՆԱՅ «ԿՈՎԵՐՈՒ ՊԱՐՏԷԶ»Ի ՏԱԳՆԱՊԻՆ ՄԷՋ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը կը շարունակէ յամառ պայքար մղել՝ «Կովերու պարտէզ» ազգապատկան կալուածի վտանգուած սեփականութեան իրաւունքը երաշխաւորելու առաջադրութեամբ։ Ինչպէս ծանօթ է, Երուսաղէմի Հին քաղաքի Հայկական թաղամասի այս ընդարձակ տարածքի պարագային կնքուած էր շատ վիճելի վարձակալութեան գործարք մը, որու ժամկէտը 99 տարի էր եւ այսպէսով այդ տարածքի սեփականութեան իրաւունքը վտանգի կ՚ենթարկուէր։

Հայոց Սրբոց Յակոբեանց վանքէն ներս ցնցումներ յառաջացած այս իրադարձութեան զուգահեռ, Պատրիարքարանը իրաւական պայքարի ձեռնարկած է՝ վիճելի գործարքը կասեցնելու եւ խնդրոյ առարկայ տարածքի սեփականութեան իրաւունքը երաշխաւորելու տեսակէտէ։

Երէկ, Սուրբ Աթոռի աղբիւրները այս կապակցութեամբ հրապարակեցին մամլոյ հաղորդագրութիւն մը, որու մէջ ընդգծուեցաւ, որ Պատրիարքարանը թափանցիկութեան սկզբունքին հաւատարիմ կը մնայ «Կովերու պարտէզ» տարածքի տագնապին մէջ։

Պատրիարքարանի կողմէ շեշտուած է, որ «Կովերու պարտէզ»ի պարագային նոր կամ երկրորդ վարձակալութեան պայմանագրի մը շուրջ որեւէ բանակցութիւն յառաջ չի տարուիր։ Կողմերու միջեւ լուծման ուղղեալ բանակցութիւններ կը վարուին՝ իրաւաբան տքթ. Ամոս Կապրիէլի միջնորդութեամբ։ Որեւէ գաղտնի բանակցութիւն խնդրոյ առարկայ չէ, իսկ միջնորդութիւնը յառաջ կը տարուի օրինական ընթացակարգերու համապատասխան ձեւով։ Պատրիարքարանի հաղորդագրութեան մէջ դիտել տրուած է, որ սաղիմահայութեան ներկայացուցիչներն ալ այդ միջնորդական ջանքերուն մասնակից դարձած են երկու տարբեր առիթով։ Համաձայնութեան որոնման հիմքերը մանրամասնօրէն ծանուցուած են շահագրգիռ բոլոր կողմերուն։ Այդ հաւանական համաձայնութիւնը պիտի հրապարակուի՝ յառաջիկային Տնօրէն ժողովի եւ Միաբանական ընդհանուր ժողովի կողմէ քննարկման ենթարկուելէ վերջ։

Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը անտեղի նկատած է անհիմն լուրերու տարածումը եւ ապատեղեկատուութիւնները, որոնք կը ծառայեն միայն ու միայն լարուածութիւն յառաջացնելու եւ հանրային կարծիքը մոլորեցնելու։

Սուրբ Աթոռի կողմէ հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութիւնը կը կրէ 1 սեպտեմբեր 2025 թուականը։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2025