ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԱՄԵՆԱՅՆ ՍՐԲՈՑ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին Ամենայն Սրբոց տօնակատարութիւններուն նախագահեց Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուր պատարագեց Տ. Մելքոն Քհնյ. Փնարճեան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տուաւ օրուան պատգամը, իսկ մասունքներով խաչահանգիստը հոգեւոր ուրախութեան առիթ դարձաւ հաւատացեալներուն կողմէ։

Ներկայ էին Տ. Շնորհք Վրդ. Տօնիկեան, Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան, Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան եւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։

Երգեցողութիւնները կատարուեցան Նարեկացի դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Էտվին Սրկ. Կալիպօղլուի։ Արարողութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը Օրհնութեան գիր մը շնորհեց՝ Նարեկացի դպրաց դաս-երգչախումբի դպրապետ Արման Սրկ. Մարաշլեանին՝ գնահատելով Պէշիկթաշի եկեղեցիէն ներս իր երկարամեայ ծառայութիւնը։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ յարակից «Պալեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Կարօ Վարժապետեան եւ գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։ Սեղաններու շուրջ անմիջական զրոյցներով բարձր տրամադրութիւն ստեղծուեցաւ։ Հաւաքոյթը աւարտին հասաւ Նորին Ամենապատուութեան օրհնութեամբ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 3, 2025