ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁ

Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, յաւարտ Ս. Պատարագի, Հայրապետական մաղթանք տեղի ունեցաւ՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գահակալութեան 26-րդ տարեդարձին առթիւ։ Վեհափառ Հայրապետը լուսաբեւեռ Սուրբ Էջմիածնի առաքելահաստատ եւ լուսաւորչահիմն Մայր Աթոռին վրայ արդէն 26-րդ տարին բոլորած է։ Նորին Սրբութիւնը միաբանութեան եւ հաւատացեալներուն կողմէ այս առթիւ ջերմօրէն շրջապատուեցաւ։ Դժբախտաբար, Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան տարեդարձը նշուեցաւ՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ դէմ ակնյայտ սպառնալիքներու եւ հալածանքներու պայմաններուն ներքեւ։ Հայաստանի իշխանութիւնները կը ջանան Հայ Առաքելական Եկեղեցին հեղինակազրկել եւ իւրաքանչիւր ձախող փորձէ վերջ քիչ մը աւելի կը սաստկացնեն իրենց արշաւը՝ մանաւանդ Նորին Սրբութեան անձին դէմ։

Մայր Տաճարի մէջ երէկ պատարագեց Տ. Հայկազուն Արք. Նաճարեան, որ խօսեցաւ նաեւ օրուան քարոզը։ Ըստ ընկալեալ կարգի՝ հաւատացեալներու երկրպագութեան համար դուրս բերուած էր Սկեւռայի Սրբոց մասունքներու պահարանը։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, Իջման Ս. Սեղանին առջեւ Հայրապետական մաղթանք կատարուեցաւ՝ հանդիսապետութեամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեանի։

Աղօթք բարձրացուեցաւ առ Աստուած՝ Վեհափառ Հայրապետի անսասան հովուապետութեան համար՝ ի պայծառութիւն Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ՝ ի մխիթարութիւն բարեպաշտ ժողովուրդի եւ ի զօրացումն Հայաստանի։ Բոլորի մաղթանքն էր Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի անսասանութիւնն ու պայծառութիւնը, ինչպէս նաեւ Նորին Սրբութեան քաջառողջութիւնը, կենաց արեւշատութիւնը եւ գահակալութեան բազում տարիներ ունենալը։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 3, 2025