ՍՐԲԱԶԱՆԻ ՓԱՍՏԱԲԱՆԻՆ ՈՒՇԱԳՐԱՒ ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒՄԸ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Արք. Խաչատրեանի փաստաբանը՝ Արսէն Բաբայեան երէկ ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ ուշագրաւ ու կարեւոր գրառումով մը։ Այսպէս, Հայաստանի Քննչական կոմիտէն հաստատած է, որ Նորին Սրբազնութեան վերագրուած գայթակղեցուցիչ տեսնիւթը կապ չունի անոր հետ։ Այսպէսով, Քննչական կոմիտէն հերքած է՝ նախապէս քննչական մարմնին կողմէ լրատուամիջոցներուն ներկայացուած տեղեկութիւնը, թէ գայթակղեցուցիչ տեսանիւթին մէջ պատկերուածը Տ. Արշակ Արք. Խաչատրեանն էր։

Շարք մը հանգամանքներ բացատրելով՝ փաստաբանը դիտել տուած է, որ խնդրոյ առարկայ է մեծ անհեթեթութիւն մը։ Յստակօրէն կարելի է պնդել, որ Քննչական կոմիտէն հաստատած է սրբազանի պնդումը, թէ տեսագրութեան բովանդակութիւնը իր հետ առընչութիւն չունի։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 3, 2025