ՊԵԼԺԻՈՅ ՄԷՋ ՀԻՄՆՈՒԵՑԱՒ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ՄԻԱՒՈՐՈՒՄ

Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի գլխաւորութեամբ աշխատանքները անընդհատ կը շարունակուին՝ մասնաւորապէս կազմակերպչական եւ կառոյցներու ամրապնդման ուղղութեամբ։ Նոր ձեւաւորուած համայնքներու կենսունակութիւնը բարձրացնելու ուղղութեամբ ջանք ու եռանդ չի խնայեր Նորին Սրբազնութիւնը, որու իմաստուն մականին ներքեւ կ՚արձանագրուին անանտեսելի ձեռքբերումներ։

Կը հաղորդուի, որ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան անցեալ շաբաթավերջին այցելեց Պրիւքսէլ, ուր Ս. Մարիամ Մագդաղենացի եկեղեցւոյ մէջ իր նախագահութեամբ տեղի ունեցան արարողութիւններ, որոնց ներկայ էին նաեւ Տ. Զատիկ Վրդ. Աւետիքեան, Տ. Տիրայր Վրդ. Յակոբեան եւ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան։ Պելժիոյ զանազան համայնքներէն նշանակուած երիտասարդներ համախմբուած էին Պրիւքսէլի մէջ, ուր արարողութեան ընթացքին ունկնդրեցին Նորին Սրբազնութեան քարոզին։

Այս հաւաքով ազդարարուեցաւ նաեւ Պելժիոյ մէջ Հայ Եկեղեցւոյ Երիտասարդաց միաւորման ստեղծումը։ Տ. Խաժան Արք. Պարսամեան բացատրեց, որ ազգային-եկեղեցական կեանքին երիտասարդաց մասնակցութիւնը չափազանց կարեւորութիւն կը ներկայացնէ։ Ան երիտասարդներուն հետ խորհրդակցութիւններ ալ ունեցաւ նորաստեղծ միաւորման դերին ու առաքելութեան շուրջ։

Պելժիոյ մէջ Հայ Եկեղեցւոյ Երիտասարդաց միաւորման կեդրոնական յանձնախումբի առաջին ժողովն ալ տեղի ունեցաւ նոյն շաբաթավերջին։

Հարկ է նշել, որ այս միաւորման հիմնադրութեան ազդարարումը կը զուգադիպի՝ Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային երիտասարդաց միաւորման՝ դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին նախատեսուած մեծ ուխտագնացութեան նախօրէին։

Հինգշաբթի, Յունուար 30, 2025