ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԿԸ ՅՈՐԴՈՐԷ՝ ՋԱՆՔ ԳՈՐԾԱԴՐԵԼ ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԶՕՐԱՑՄԱՆ ՀԱՄԱՐ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց՝ վերապատրաստման դասընթացքներու մասնակից քահանաներու հերթական խումբը։ Հայաստանի եւ սփիւռքի զանազան թեմերէն հոգեւոր հայրերը վերջին օրերուն «Գարեգին Ա.» կեդրոնէն ներս հետեւեցան վերապատրաստման դասընթացքներուն։

Վեհափառ Հայրապետը երէկ զանոնք ընդունեց՝ փոխանցելով իր օրհնութիւնը։ Ան գոհունակութեամբ հաստատեց, որ վերապատրաստման դասընթացքները հնարաւորութիւն կ՚ընձեռեն, որպէսզի քահանայ հայրերը նոր գիտելիքներով հարստանան, քննարկեն հովուական կեանքի վերաբերեալ զանազան հարցեր, նաեւ փոխանակեն փորձառութիւններ՝ առաջադրելով առկայ մարտահրաւէրներուն եւ հոգեւոր կարիքներուն համապատասխան նոր սկզբունքներ կամ մօտեցումներ։

Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի կեանքէն ներս առկայ դժուարութիւններուն եւ անվտանգային հիմնախնդիրներուն։ Ան այս կապակցութեամբ յորդորեց նուիրեալ ծառայութեամբ ամենայն ջանք ի գործ դնել՝ ազգային միաբանութեան զօրացման ուղղութեամբ։

Վեհափառ Հայրապետը նաեւ պատասխանեց հոգեւոր հայրերու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին եկեղեցւոյ կանոնական, ծիսական եւ հովուական կեանքին։ Հուսկ, ան մաղթեց, որ Ս. Հոգին առաջնորդ ըլլայ եկեղեցականներուն՝ հայրենիքի ու ժողովուրդի նկատմամբ անվերապահ սիրով առաւել արդիւնաւորելու համար իրենց առաքելութիւնը։

Հինգշաբթի, Յունուար 30, 2025