ՀԱՄԱՏԱՐԱԾ ԱՆՀԱՆԳՍՏՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի մէջ իշխանութեան կողմէ եկեղեցւոյ դէմ սանձազերծուած արշաւը յեղաշրջած է հայաշխարհի օրակարգը։ Շաբաթավերջին, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ բոլոր նուիրապետական աթոռները հանդէս եկան յայտարարութիւններով՝ զօրակցութիւն յայտնելով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին եւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին։ Ստեղծուած համատարած անհանգստութեան պայմաններուն ներքեւ Հայկական բերագործական ընդհանուր միութիւնն ալ հրապարակեց յայտարարութիւն մը։
Մինչ ձերբակալուած է արդէն երկու սրբազան՝ Տ. Բագրատ Արք. Գալստանեան եւ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեան, Հայաստանի վերլուծաբաններն ալ կ՚անդրադառնան ստեղծուած իրավիճակին։ Այսպէս, լրահոսին մէջ ուշադրութիւն կը գրաւեն որոշ տեսակէտներ, ըստ որոնց, եկեղեցիէն յեղափոխութիւն կ՚ակնկալեն առաջին հերթին անոնք, որոնք նախ իրենք պարտաւոր են առաջնորդել քաղաքական գործընթացները։
Վարչապետ Փաշինեան թէեւ յայտարարեց, որ բախում պիտի չըլլայ եւ վիրաւորական բառերը կը դադրեցնէ, սակայն, իր խնդրայարոյց գրառումները կը շարունակուին։