ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը խստօրէն կը դատապարտէ յունիսի 28-ին Շիրակի թեմի առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանի պարագային դատարանի արձակած կալանաւորման եւ ազատազրկման որոշումը, որ ուղղակի հետեւանքն էր վարչապետի եւ իշխանութեան բարձրաստիճան միւս պաշտօնեաներու եկեղեցահալած քաղաքականութեան եւ եկեղեցականներու դէմ թշնամանքի ու ատելութեան խօսքի։
Փաստերը կը վկայեն, թէ քաղաքական որոշակի ուղղորդմամբ ու ճնշման ներքեւ դատարանի արձակած որոշումը անհիմն է եւ ապօրինի։
Միքայէլ Արքեպիսկոպոսի դէմ ձեռնարկուած քայլերը ոչ այլ ինչ են, քան դասական իմաստով՝ քաղաքական հետապնդում եւ դրսեւորում անձնական վրէժխնդրութեան ինքզինքը քրիստոնեայ եւ Հայ Եկեղեցւոյ զաւակ նկատող անձի մը, որ նախօրէին իրաւապահ մարմիններու ուժերուն հրահանգեց պաշարել Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը՝ պախարակելի, աննախադէպ ոտնձգութիւն կատարելով համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոնի, եկեղեցականներու եւ հաւատաւոր ժողովուրդի դէմ։
Կը յորդորենք դատական համակարգին եւ պատկան մարմիններուն՝ գործել օրինականութեան դաշտին մէջ եւ անյապաղ ազատ արձակել Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանը։
ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ