ԱՄԱՆՈՐԻ ՊԱՏԳԱՄ
«Ապրինք առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդի մեր կոչման վայել»
Նոր տարին օրացոյցի թերթիկներու վրայ գծուած թուականներու յաջորդականութեան փոփոխութիւնը չէ պարզապէս։ Ան սրբազան պահ է, երբ մեզմէ իւրաքանչիւրը ազնուօրէն հայեացք կը նետէ անցեալին՝ անկէ դասեր քաղելու եւ մեր աղօթքներուն ու երազանքներուն արժանի ապագայ կերտելու։
Մինչ օրս խոր յուզմունքով կը յիշեմ այն օրհնեալ օրը, երբ 1992 թուականի մարտի 2-ին, Նիւ Եորքի Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան շէնքին առջեւ բարձրացաւ Հայաստանի դրօշը, զոր օրհնելու բախտը ունեցայ։ Այդ սոսկ քաղաքական իրադարձութիւն չէր․ այլ երկար տարիներու երազանք եւ ազատ, անկախ Հայաստանի տեսանելի իրականացումն էր։ Այդ դրօշը կը մարմնաւորէր մեր ժողովուրդի ապագայի համար անձնուիրաբար իրենց կեանքը զոհաբերած նախնիներու յոյսն ու տենչանքը։ Ուրախութիւնը համատարած էր թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ ողջ սփիւռքի մէջ․ ուրախութիւն, որ կը միաւորէր մեզ եւ կը վսեմացնէր մեր հոգիները։
Այսօր, նոր՝ 2026 թուականի շեմին, հարկ է խորհիլ աւելի քան երեսուն տարուան անցած ճանապարհի մասին։ Մենք գիտենք, որ ան դիւրին չէ եղած․ ապրած ենք ուրախ պահեր ու յաջողութիւններ, բայց նաեւ՝ վիշտի, կորուստներու եւ ցաւալի բաժանումներու ժամեր։
Այսօր հարց տանք մենք մեզի․ ինչպէ՞ս վերագտնել ուրախութեան եւ միասնութեան ոգին եւ զայն դարձնել հաստատուն՝ ո՛չ թէ ակնթարթային զգացում, այլ մեր ամէնօրեայ համակեցութեան արտայայտութիւն։
Պատասխանը պէտք է փնտռել մեր սրտերուն մէջ՝ սերմանելով ներողամտութիւն, սէր եւ համերաշխութիւն։ Ներողամտութիւնը չ՚անտեսեր անարդարութիւնը եւ չի ջնջեր յիշողութիւնը, բայց, թոյլ չի տար, որ զայրոյթն ու ատելութիւնը սահմանեն մեր ինքնութիւնը։ Ան մեր քրիստոնէական բարոյականութեան առանցքային դրսեւորումներէն մէկն է՝ թէեւ կը պահանջէ ներքին մեծ ջանք։
Մենք յաճախ կը հպարտանանք, որ Հայաստանը առաջին քրիստոնեայ պետութիւնն է։ Բայց սա միայն պատմական կոչում մը չէ․ այդ ամէնօրեայ կեանքի մէջ վկայելու հրամայական մըն է։ Քրիստոնեայ ժողովուրդի կեցուածքը կ՚ենթադրէ, որ հաւատքը առաջնորդէ մեր վարքն ու յարաբերութիւնները՝ նախընտրելով վրէժխնդրութեան փոխարէն համերաշխութիւն, արհամարհանքին փոխարէն յարգանք, կեղծիքին փոխարէն ազնուութիւն, անտարբերութեան փոխարէն կարեկցանք։ Սա կը նշանակէ մեր տուները, եկեղեցիներն ու համայնքները դարձնել այնպիսի վայրեր, ուր կը տիրեն սէրը, հաշտութիւնը եւ յոյսը։
Յիշենք Ղուկասի Աւետարանին մէջ արձանագրուած Յիսուս մանկան ծնունդը աւետող հրեշտակներու հետեւեալ խօսքերը․
«Երկիրի վրայ խաղաղութի՜ւն, եւ հաճութի՜ւն մարդոց մէջ»։
Մեզմէ իւրաքանչիւրը կրնայ կեանքի կոչել այս պատգամը պարզ, բայց, խորապէս իմաստալից քայլերով՝ ներելով անոր, որու կը թուի, թէ անհնար է ներել՝ ձեռք մեկնելով խզուած յարաբերութիւնը վերականգնելու համար, կոշտ խօսքերը փոխարինելով հաշտութեան լեզուով եւ աղօթելով ո՛չ միայն մեր ժողովուրդի, այլեւ անգամ անոնց համար, որոնց հանդէպ մինչ այդ սէր չենք տածած։
Ներողամտութեամբ եւ միասնութեամբ տոգորուած իւրաքանչիւր, նոյնիսկ չնչին քայլ բազմապատկուելով կրնայ փոխել այն մթնոլորտը, որ այսօր կը տիրէ մեր ժողովուրդին մէջ։ Մենք կոչուած ենք վերանորոգելու մեր համայնական յոյսը եւ մեր նահատակներու զոհաբերութիւնը՝ ո՛չ միայն յիշատակութեամբ պատուելու, այլեւ հաւատքով, միասնականութեամբ եւ սիրով ներշնչուած կեանքով։
Նոր տարին մեզ կը հրաւիրէ քննութեան ենթարկելու մեր սիրտերը։ Եկէ՛ք մեր չափանիշը դարձնենք Քրիստոսի պարզ, բայց պարտադրող պատուիրանը․
«Սիրեցէ՛ք միմեանց»։
Եւ երբ թերանանք, չկորսնցնենք յոյսը, այլ փորձենք կրկին ու կրկին՝ զինուիլ համեստութեամբ, հաւատարմութեամբ եւ քաջութեամբ։
Թող այս Նոր տարին իսկապէս դառնայ շրջադարձային՝ ազդարարելով մեր ընթացքի փոփոխութիւնը՝ պառակտումէն դէպի միասնութիւն, նեղացկոտութենէն դէպի ներողամտութիւն, յուսահատութենէն դէպի լաւատեսութիւն։
Թող Աստուած օրհնէ մեր հայրենիքը՝ Հայաստանը եւ աշխարհասփիւռ հայութիւնը, անսասան պահէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը եւ մեզի պարգեւէ խաղաղութիւն՝ մեր երկիրի, մեր տուներու եւ մեր սիրտերուն մէջ, որպէսզի այս Նոր տարին դիմաւորենք՝ որպէս հաւատքի, ներողամտութեան եւ յոյսի ժողովուրդ։
ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ․ ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ