Շաբաթ 31, Յունուար 2026
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ԱՌԹԻՒ ԸՆԹՐԻՔ
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանէն ներս, երէկ, տեղի ունեցաւ Ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդի տօներուն առթիւ պաշտօնական ընթրիք մը։ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանի տանտիրութեամբ կազմակերպուած երեկոյթը անցաւ տօնական մթնոլորտի մէջ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս առթիւ հիւրընկալեց Երուսաղէմի մօտ հաւատարմագրուած աւագ հիւպատոսները, դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններէ դէմքեր եւ հոգեւոր առաջնորդներ, որոնց ի պատիւ նախատեսուած էր ընթրիքը։ Սեղանի բոլոր մասնակիցները ջերմ եւ բարեկամական մթնոլորտի մը մէջ զրոյց ունեցան իրարու միջեւ՝ մինչ Նորին Ամենապատուութիւնը բաժակաճառին մէջ ըրաւ բարեմաղթութիւններ՝ մանաւանդ աշխարհի խաղաղութեան համար։ (Լուսանկարը՝ Սուրբ Աթոռէն)
Շաբաթ, Յունուար 31, 2026