ԲԱՐԵԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ ՅԱՆՈՒՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ
Հոգեւոր կեանքը այնպիսի հետաքըրքրական իրականութիւն մըն է, որ իր մէջ կը պարունակէ բազմաթիւ երեսներ եւ երբ մարդիկ կը փորձեն այդ երեսներէն մէկը կամ միւսը իրարմէ անջատել, կամ առանձնաբար կեանքի կոչել, ապա անպայմանօրէն տեղ մը, պահու մը խնդիրներ կը յառաջնան եւ տուեալ մարդը կը յայտնուի խորխորատի մը մէջ, ուրկէ դուրս գալու համար կարիք կ՚ունենայ Աստուծոյ օգնականութեան:
Հոգեւոր կեանքը գունազարդող այդ երեսներէն են պահեցողութիւնն ու բարեգործութիւնը, որ ներկայիս յաճախ իրարմէ կը բաժնուին եւ մարդիկ կը փորձեն անջատաբար կատարել զանոնք: Ինքնին, այս երկու երեսներուն նկատմամբ սխալ հասկացողութիւն կայ մարդոց մօտ:
Այսպէս, մարդոց խումբ մը կայ, որ պահքին կը մօտենայ կամ որպէս որոշ ժամանակ մը (48 օր) յատուկ սննդակարգի հետեւելու, կամ սովորութեան ուժէն մղուած, կամ պարտադրաբար, կամ առ ի ցուցադրութիւն, եւ այլն, եւ այլն: Իրականութեան մէջ, սակայն, պահեցողութիւնը այս բոլորէն վեր է, որովհետեւ առաջին հերթին պահեցողութիւնը հոգեւոր փորձառութիւն մը պէտք է ըլլայ մարդուն համար, նախքան ֆիզիքական որոշակի զրկուածութիւն ըլլալը: Եթէ հոգին օգուտ պիտի չքաղէ պահեցողութենէն, զուր է այդ պահեցողութիւնը:
Մարդոց ուրիշ խումբ մըն ալ կայ, որ բարեգործութեան կը մօտենայ կամ որպէսզի պետական տուրքերէն խուսափի, կամ ինքնաբաւարարութիւն՝ փառաբանութիւն եւ գովասանք ստանալու համար՝ որով իր բարերարութիւնը ցուցադրաբար կը կատարէ, կամ ալ այս կամ այն իրեն սիրելի եղողներուն սիրոյն կը կատարէ բարեգործութիւն: Բնականաբար, նման բարեգործութիւններ թէեւ բարերարուողներուն կրնան օգտակար ըլլալ, բայց բարերարին՝ երբե՛ք, որովհետեւ նման բարեգործութիւնը ընդունելի չէ Աստուծոյ: Մարդ եթէ բարիք պիտի գործէ, նոյնիսկ եթէ մէկ գաւաթ ջուր պիտի տայ, պէտք զայն սրտաց եւ անկեղծութեամբ տայ:
Բարեգործութեան ամենէն առողջ, ազդեցիկ եւ օգտակար ձեւը Պօղոս Ադրիանապոլսեցի Պատրիարքը այսպէս կը նկարագրէ. «Չի՛ կորսուիր այն բարերարութիւնը, որ մէկը ուրիշին համար կ՚ընէ՝ Աստուծոյ փառքին համար»: Հետեւաբար, եթէ բարեգործութիւն պիտի կատարենք, յանուն Աստուծոյ փառքին կատարենք, վստահ ըլլալով, որ թէեւ մարդիկ այստեղ չտեսնեն մեր կատարածը, սակայն Աստուած ո՛չ միայն կը տեսնէ, այլեւ բազմապատիկ կերպով պիտի հատուցէ հանդերձեալին (տե՛ս Մտ 6.4):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ