ԲԵԹՂԵՀԷՄԻ ՄՍՈՒՐԸ

Պատեաց ի խանձարուրս, եւ եդ զՆա ի մսուր
(Ղուկաս, 2.7)

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ

Ամանորին յաջորդող օրերուն մեր քայլերը մեզ կ՚առաջնորդեն դէպի Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան Աւետիսը ընկալելու։ Այս աւետիսին ընդմէջէն հաղորդ կը դառնանք անկրկնելի մեծ եւ սքանչելի խորհուրդի յայտնութեան։

Խորհուրդ խորին է սա եւ անկարելի՝ չափաւոր մարդկային բանականութեամբ ըմբռնել զայն։ Երբ կը մտաբերենք, թէ մարդիկ ամենադոյզն սխալի կամ թերութեան մը փոխարէն երբեմն ատելութեամբ եւ աններող ոգիով կը վերաբերուին իրենց նմաններուն հետ, Աստուծոյ ծրագրած եւ իր իսկ ստեղծած ու մեղքով ինկած մարդկութիւնը փրկելու առաքելութիւնը կը ճանչցուի, որպէս խորհուրդ խորին։ Խորհուրդ խորին է սա, որուն իրականացման ընթացքին առաջին պահէն սկսեալ կայ անըմբռնելին։ Աշխարհիկ մերձեցում ունեցողներ, կը կրկնեն այն հարցումը, զոր Նազարէթի երկնակամարին տակ Մարիամ ուղղեց Գաբրիէլ հրեշտակապետին, երբ իրեն աւետեց, թէ պիտի յղանար, որդի մը պիտի ծնէր եւ անոր անունը Յիսուս պիտի դնէր. «Ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ այդ, երբ տակաւին այր չեմ ճանչցած» (Ղուկաս, 1.34)։ Հաւատքէ պարպըւած հոգիներ երբ այս հարցումը կը կրկնեն ու կերպով մը ստուերի տակ կը թողուն մարդկային կեանքի պատմութեան սքանչելի դէպքը, չեն լսեր կամ չլսել կը ձեւացնեն Գաբրիէլ հրեշտակապետի խօսքը, թէ «Աստուծոյ համար անկարելի բան չկայ» (Ղուկաս, 1.37)։ Յետագային Քրիստոս երբ Աւետարանը կը քարոզէր նոյն ուղղութեամբ պիտի պատասխանէր փրկուելու մասին իր աշակերտներուն ուղղած հարցումին. «Մարդոց միջոցաւ ատիկա անկարելի է, բայց Աստուծոյ միջոցով ամէն ինչ կարելի է» (Մատթէոս, 19.26)։

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ։

Մարդկային տկարութեամբ վարակուածներ որքան ալ անհաւատալի գտնեն, Աստուածային ճշմարտութիւն ըլլալէ չի դադրիր, ծնած եւ խանձարուրով փաթթուելով մսուրի մէջ դրուած Մանուկը։ Ան, ամէն Ծննդեան տաղաւարին կը հրաւիրէ մարդկութիւնը՝ թելադրելով, որ հաւատքով մօտենան Իրեն հաղորդ դառնալու համար, թէ Աստուծոյ պատգամաբեր Գաբրիէլ հրեշտակապետի խոստումը իրականացած էր։ Նիկիական հանգանակին բառերով երբ կը մօտենանք մսուրի իրականութեան, շնորհքի փոխարէն շնորհ կը ստանանք. «Որ մեզի՝ մարդոց համար եւ մեր փրկութեան համար, երկինքէն իջնելով մարմին առաւ, մարդացաւ, ծնաւ կատարելապէս Սուրբ Կոյս Մարիամէն՝ Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ։ Որու միջոցաւ առաւ մարմին, հոգի եւ միտք եւ ամէն բան՝ որ կայ մարդուն մէջ, ճշմարտապէս եւ ոչ կարծիքով»։

Քրիստոսի վերջին ծայր համեստ պայմաններու մէջ աշխարհ եկած պահուն Աստուած գիտէ աշխարհի վրայ քանի քանի ընտանիքներ ուրախացած էին վայելելով զաւկի տէր ըլլալու բարեբախտութիւնը։ Աստուած գիտէ անոնցմէ քանիները աշխարհ եկած էին մեծատուն եւ կամ ազնուական ընտանիքներու երդիքին տակ։ Սակայն այդ բազմաթիւ ծնունդներէն ոչ մէկը կրնար հաւասարիլ Բեթղեհէմի մսուրին մէջ դրուած Մանուկ Յիսուսի ծննդեան։ Որովհետեւ Բեթղեհէմի մսուրին մէջ խանձարուրով փաթուելով դրուած Յիսուս Քրիստոսը՝ «Աստուծոյ կերպարանքով էր, բայց Աստուծոյ հաւասար ըլլալը յափշտակութիւն չէր համարած, այլ իր անձը ունայնացնելով ծառայի կերպարանք առած, մարդոց նման եղած եւ կերպարանքով իբրեւ մարդ ճանչցուած էր։ Ան խոնարհեցուցած էր ինքզինքը» (Փիլիպպեցիս, 2.6-8)։

Անժամանակ Աստուած, անսկիզբ եւ անվախճան, ձերբազատուելով այս հանգամանքէն, պահ մը յանձն առաւ ժամանակի սահմաններուն մէջ բնակիլ։ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետ հանգստեան երգին մէջ համադրաբար կը ներկայացնէ ըսելով. «Թագաւորդ հրեղինաց, որ ընդ մարդկան հողեղինաց շրջեցաւ տնօրինաբար կրեցեր զկիրս մարդկաբար. Որ վասն մեր զայս ամենայն ի յանձն առեր խոնարհութեամբ.»։ Երանաշնորհ Եղիշէ Պատրիարք Դուրեան Հռոմկլայեցի Սուրբ Հայրապետի գրչի արդիւնքը կը ներկայացնէ աշխարհաբարով. «Հրեղէններուն արքայ եւ պետ, որ ժուռ եկար մարդերուն հետ, ու ինքնակամ գալով աշխարհ՝ անոնց կիրքին կցորդ եղար. Այս ամէնը մեզի համար յանձն առնելով խոնարհաբար»։

Մսուրը այն վայրն է, ուր կը վայելենք երկնային փառքէն մերկանալով խոնարհած Աստուծոյ ներկայութիւնը։ Որպէս արտայայտութիւնը մեր շուարուն վիճակին կը շարունակենք հարց տալ ըսելով. Ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ այդ։ Կ՚ըլլայ, որովհետեւ Աստուած սէր է։ Կ՚ըլլայ, որովհետեւ Աստուած ողորմած է։ Կ՚ըլլայ, որովհետեւ Աստուած չ՚ուզեր մեղաւորին մահը, այլ անոր չար ճանապարհէն դառնալն ու ապրիլը եւ վերջապէս կ՚ըլլայ, որովհետեւ Աստուած կամեցաւ, որ այդպէս ըլլայ։

Աղքատիկ Մսուրը երկրի վրայ եղաւ Աստուծոյ Միածին Որդւոյն առաջին բնակարանը։ Այս աղքատ երեւոյթին մէջ կար մեծ հարստութիւն մը, գանձ մը, որուն մասին Սիմէոն Ծերունին պիտի մարգարէանար յայտնելով Մարիամի. «Այժմ ով Տէր, խաղաղութեամբ արձակէ քու ծառադ՝ ըստ քու խօսքիդ. Վասնզի աչքերս տեսան քու փրկութիւնդ զոր պատրաստեցիր բոլոր ժողովուրդներուն առջեւ. լոյս՝ որ պիտի ըլլայ յայտնութիւն հեթանոսներուն համար եւ փառք՝ Իսրայէլի քու ժողովուրդիդ համար» (Ղուկաս, 2.29-33)։

Բեթղեհէմի մսուրը Մանուկ Յիսուսով ունեցաւ այցելուներ։ Աղքատիկ Մսուրը, հարստացած Մարդացեալ Փրկչին՝ Աստուածորդւոյն ներկայութեամբ, վայելեց համեստ ու խոնարհ դասակարգի հովիւներու ներկայութիւնը, որոնք փութացած էին Բեթղեհէմ ազդուած ըլլալով հրեշտակի աւետիսէն ու ականատեսը դարձած՝ սքանչելի տեսարանէն։

Երանաշնորհ Եղիշէ Պատրիարք Դուրեան, իր գրիչը ի սպաս դրած է, բանասիրական աշխատութեանց առընթեր երկնելու համար հոգեւոր ու կրօնաբարոյական քերթուածներ։ «Հովուիկը» խորագրեալ բանաստեղծութեան մէջ կը ներկայացնէ «ջերմ հաւատքով» Յիսուս Մանուկի այցելող հովիւներու բերած նուէրները, ընծայուած իրենց ունեցածներէն, «պտուղ, մեղր, կաթ, գզաթ»։ Նիւթական նուէրներով ներկայացող հովիւներու կողքին կը ներկայանայ նաեւ «անտէր, աղքատ, որբ, բարի մարդոց ձեռքին կարօտ» հովիւ մը, որ «պաղ քարին վրայ կը թափէր տաք արցունքի տարափ մը»։ Սակայն այս աղքատ հովիւը «որպէս ընծայ բերած էր սրտին սէրը» եւ կեանքին մէջ «առաջին անգամ հարուստ եղած էր եւ ունեւոր»։ «Սրնգահար հովիւը» նաեւ կ՚երգէր «մեղեդի մը քաղցրաձայն», որով «գոհ մնացած էին Յիսուս Մանուկը, Յովսէփն ու Մարիամը»։

Մսուրը հակադիրն է արքայական գահուն։ Կը ներկայացնէ մեր սրտերը, ուր Յիսուս կը բնակի իր լիութեամբ եւ կ՚օժտէ հոգեւոր հարստութեամբ, որուն համար միակ պայմանն է չվարակուիլ ու հեռու կենալ «օթեւանին մէջ տեղ չկայ» ըսելու կեցուածքէն։ «Հովուիկը« կը վերջանայ այս նմանողութեան զուգահեռ տողերով, որ ինքնին կը ներկայնայ խրատականի բնոյթով.

«Թէ չունիս բան մը Յիսուսին տալու
Աղքատ հովուին պէս, ի պատիւ անոր
Կրնաս դուն երգել երգ կամ ալէլու,
Եւ վերէն առնել օրհնութիւններ նոր»

Աստուածայայտնութեան տաղաւարը առիթ ընծայէ անդրադառնալու կարեւորութեան Քրիստոսի ներկայութեամբ հարստանալու, որ կ՚ապահովուի Տիրոջ Խօսքով եւ Սուրբ Հաղորդութեամբ։ Երբ «ճանչնանք եւ ընդունինք զԱյն որպէս ճշմարիտ լոյս, Ան իրեն հաւատացողներուն իշխանութիւն կու տայ ըլլալու Աստուծոյ որդիներ» (Յովհաննէս, 1.12) 

Կ՚աղօթենք եւ կը մաղթենք, որ Քրիստոսի Մարմնին՝ Սուրբ Եկեղեցւոյ հոգեւոր երդիքին տակ թեւածէ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի աղօթքին օրհնութիւնը։ Աղօթանուէր վարդապետին բառերով աղօթենք՝ հաւատալով, որ «Կենդանի Աստուծոյ Որդիին համար անկարելի բան չկայ։ Անոր ողորմութեան փառքին անստուեր նշոյլները երբ կը ծագին, մեղքերը կը հալին, դեւերը կը հալածուին, յանցանքները կը ջնջուին, վէրքերը կ՚առողջանան, ապականութիւնները կը վերցուին, խաւարը կը փախչի, մութը կը վերանայ, գիշերը կ՚անցնի, տագնապը կը տարագրուի, չարիքները կը չքանան, յուսահատութիւնները կը հալածուին, ու Անոր ամենակարող ձեռքը կը թագաւորէ»։

Աստուած ընդունի մեր աղօթքները Սուրբ Աստուածածնի, մեր առաջին լուսաւորիչներուն՝ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողոմէոս առաքեալներու, մեր հաւատքի Հօր Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի եւ ամենայն սրբոց բարեխօսութեամբ, իր անսահման ողորմութեամբը առատապէս ծաւալէ Ս. Հոգիին շնորհները բոլորիս վրայ։ Տիրոջ շնորհը, ողորմութիւնը, սրբարար զօրութիւնը եւ օրհնութիւնը բոլորիս հետ ըլլայ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն։

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Երկուշաբթի, Յունուար 5, 2026